Շաբաթ, 19 Յունիս 2010 - Նոր Նշանակումներ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարնին Կողմէն

 

Նիւ Էօրք

Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ առաջնորդարանի դիւանը Երեքշաբթի, Յունիս 15 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ հետեւեալ նշանակումները տեղի ունեցած են.
Տէր Գրիգոր վրդ. Շահինեան նշանակուած է ժողովրդապետ՝ Կլենտէյլի սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ. Տէր Արմենակ վրդ. Պետրոսեան նշանակուած է օգնական ժողովրդապետ՝ նոյն ժողովրդապետութեան
.
Հայր Միքայէլ վրդ. Պասալէ նշանակուած է ժողովրդապետ Ֆիլատելֆիայի սուրբ Մարկոս Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ: Սոյն որոշումները ի զօրու կը դառնան Յուլիս 15, 2010էն սկսեալ:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ