Երեքշաբթի, 12 Ապրիլ 2011 - Մարմարեայ խաչի կանգնում սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ

 

Զալքա, Լիբանան

 

Կիրակի, 10 ապրիլ 2011, առաւօտեան հանդիսաւոր սուրբ Պատարագէն ետք, նախագահութեամբ արհի. հայր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի, տեղի ունեցաւ մարմարեայ խաչի կանգնումը, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ։ Բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Զմմառու վանքի մեծաւոր գերյ. Միքայէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան, Լիբանանի մէջ Մխիթարեան միաբանութեան մեծաւոր գերյ. Մեսրոպ ծ.վ. Սուլահեան, եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Անտոն վրդ. Շատարեւեան, գերապատիւ հայրեր՝ Նարեկ վրդ. Լուիսեան, Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեան եւ տէր Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեան։

Այս մարմարեայ խաչքարը կը յատկանշէ սփիւռքն ու հայրենիքը։ Բարձրութիւնը կը հասնի 3.05 մեթրի։ Անոր ճարտարապետն է Վանիկ Տեմիրճեան, իսկ գանդակագործը՝ Վարդան Աւեսեան։

 

Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ