Հինգշաբթի, 14 Սեպտեմբեր 2006 - Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Այցելեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին
Եղբայրական սիրոյ եւ համագործակցութեան շօշափելի արտայայտութիւն մը հանդիսացաւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ.ի հանդիպումը որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 14 Սեպտեմբեր 2006-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ: Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ ուղեկցող պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Թեմի Ընդհանուր Փոխանորդ Գերպ. Վարդան Եպս. Աշգարեան, Պատրիարքական Թեմի Օգնական Եպիսկոպոս Գերպ. Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեան, Հայաստանի, Վրաստանի, Իրանի եւ Յունաստանի Առաջնորդ Գերպ. Նշան Արք. Գարաքէհէեան, Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Առաջնորդ Գերպ. Մանուէլ Եպս. Պաթագեան, Ֆրանսայի Առաջնորդ Գերպ. Գրիգոր Եպս. Կապրոյեան, Պատրիարքական Փոխանորդ Զմմառու Միաբանութեան եւ Զմմառու վանքի Մեծաւոր Գերպ. Գէորգ Թ.Ծ.Վ. Եղիայեան, Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ եւ «Մասիս» շաբաթաթերթի պատասխանատու խմբագիր Հ. Անդրանիկ Ծ.Վ. Կռանեան եւ Պր. Սարգիս Նաճարեան:

Հանդիպման ներկայ գտնուեցան նաեւ Պէյրութի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Գեղամ Եպս. Խաչերեան, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու բաժանմունքի վարիչ Տնօրէն Գերշ. Տէր Նարեկ Եպս. Ալէեմեզեան եւ տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Գերապատիւ Տէր Գրիգոր Ծ.Վ. Չիֆթճեան:

Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին եղբայրական ջերմ ու սրտբաց մթնոլորտի մը ներքեւ տեղի ունեցած խօսակցութիւնը շօշափեց մասնաւորաբար Լիբանանի նորագոյն իրավիճակը իր բազմաթիւ երեսներով՝ քաղաքական, ապահովական, տնտեսական ու ընկերային, շրջանային եւ միջազգային կացութեան զարգացումները, միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական յարաբերութեանց հայող խնդիրները, քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրները շրջանէն ներս, ինչպէս նաեւ համայն Հայութիւնը եւ Հայաստանը յուզող հիմնահարցերը եւ Հայաստան-Սփիւռք Գ. Խորհրդաժողովին օրակարգը:

Վեհափառ Հայրապետը եւ Ամեն. Հոգեւոր Տէրը շեշտեցին մասնաւորաբար Լիբանանահայութիւնը իբրեւ երկրին նկատառման արժանի գլխաւոր համայնքներէն մէկը արժեւորելու անհրաժեշտութիւնը եւ այս նպատակով միասնական կեցուածքով հանդէս գալու հրամայականը: Անոնք բարձր գնահատեցին Լիբանանահայ բոլոր հոսանքներուն ցուցաբերած համախոհութիւնը եւ ասիկա պայման նկատեցին համայնքին առջեւ ծառացող բոլոր դժուարութիւններու յաղթահարման: Վեհափառ Հայրապետը եւ Ամեն. Հոգեւոր Տէրը վերահաստատեցին իրենց այն համոզումը թէ Լիբանանահայութիւնը, հակառակ իր առջեւ ծառացած բազմաբնոյթ դժուարութիւններուն, կը շարունակէ պահել իր կենսունակութիւնը:

Վեհափառ Հայրապետէն հրաժեշտ առնելէ առաջ, Ամեն. Հոգեւոր Տէրը Անոր նուիրեց Ս. Գրիգոր Նարեկացիի 2005-ի Գիտաժողովի աշխատանքներուն նորատիպ հատորը: Վեհափառը խոստացաւ Ամեն. Տիրոջ փոխ այցելութիւն տալ Հայաստանէն վերադարձին:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ