Հինգշաբթի, 14 Ապրիլ 2011 - Միջին Արեւելքի եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսի յատուկ յանձնախումբի 3-րդ նիստ

 

Վատիկան

 

Միջին Արեւելքի եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսէն (հոկտեմբեր 2010) յառաջացած յատուկ յանձնախումբը իր 3-րդ ժողովը գումարեց անցեալ 30 եւ 31 մարտ 2011-ին, քննարկելու համար քրիստոնեաներու ներկայ իրավիճակը Միջին Արեւելքի մէջ։

13 ապրիլ 2011-ին սուրբ Աթոռի լրատուական գրասենեակէն հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ յանձնախումբը կը վերահաստատէ «ազատ եւ շինիչ երկխօսութեան կարեւորութիւնը այլ կրօններու եւ քաղաքացիական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ»։

Եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսին ընդհանուր քարտուղար մոնսինիոր Նիքոլա Էթերովիչ յայտնեց, որ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները կոչուած են «հետեւելու Եկեղեցւոյ առաջին հասարակութեան օրինակին, որ հաղորդութեան վկայութիւն կատարեց հակառակ դիմագրաւած նոր կեանքի դժուարութիւններուն, թշնամութիւններու եւ տարբերութիւններու շրջանակի մը մէջ»։       

Անդրադառնալով Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի մէջ տիրող ներկայ պայմաններուն, սիւնհոդոսի անդամները ընդգծեցին «մտահոգիչ կացութիւնը, ընկերա-քաղաքական յեղաշրջումներուն պատճառաւ»։

Անոնք վերյիշեցուցին, թէ Եկեղեցիները կը բաժնեն «անհանդուրժելի, աննպաստ եւ ճնշիչ պայմաններուն մէջ գտնուող քաղաքացիներու ուրախութիւնն ու մտահոգութիւնները»։

Ինչպէս նաեւ յանձնախումբը ստանցնած է յետ-սիւնհոդոսի առաքելական նամակին պատրաստութիւնը, որ սրբազան քահանայապետը պիտի ուղղէ հանրութեան։   

Յանձնախումբին յաջորդ ժողովը պիտի գումարուի յառաջիկայ 17 եւ 18 մայիսին։

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ