Ուրբաթ, 11 Նոյեմբեր 2011 - Սուրբ Ներսէս Շնորհալի հայրապետի սրբապատկերի Օծում Հալէպի մէջ


Հալէպ

Կիրակի 6 նոյեմբեր 2011, առաւօտեան ժամը 10-ին, Հալէպի Սուրբ Երրորդութիւն հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հայածէս ձայնաւոր Սուրբ Պատարագ, զոր մատոյց սոյն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ գերյարգելի հայր Յովսէփ Ծ. Վրդ. Պէզէզեան եւ արարողութեան նախագահեց Բերիոյ թեմի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ արհի. Պետրոս արք. Միրիաթեան: Արհի. Պետրոս արք. Միրիաթեան այս առթիւ նաեւ քարոզ մը արտասանեց որուն մէջ նախ անդրադարձաւ մկրտութեան խորհուրդի իմաստին, հայու կեանքին մէջ, որը կը վկայէ հաւատքը որպէս առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդ. ապա ներկայացուց սուրբ Ներսէս Շնորհալի հայրապետին վարքը եւ ըսաւ. «Ներսէս Շնորհալի հայրապետը ծնած է Կիլիկեան Հայաստանի մերձակայքը գտնուող Ծովք անուան ամրոցը 1102-ին, Բերդատէր իշխան Ապիրատ Պահլաւունիի ընտանիքին մէջ։ Ան իր երեց եղբօր ետ ուսում ստացաւ Շուղրի Սեւ լերան կարմիր վանքի եւ Հռոմկլայի մէջ (Կիլիկիոյ մայրաքաղաք) եւ միշտ Հռոմկլայի մէջ ապրած ու ստեղծագործած է ուրկէ ստացած է «Կլայեցի» անունը եւս։ Եղած է Գրիգոր Մագիստրոսի աղջկան թոռը, մեծ հօրմէն ժառանգած է քաղաքական գործիչի եւ գրողի ձիրքը»։

Գերապայծառ տէրը նաեւ շեշտը դրաւ Ներսէս Շնորհալի հայրապետին յօրինած հիազքանչ մատենագրական աշխատասիրութիւններու փայլուն օրինակներուն եւ ըսաւ. «1166 թուին՝ Շնորհալին իր եղբօր՝ Գրիգորիս Գ. Պահլաւունի կաթողիկոսին կողմէ հայրապետական օծում կը ստանայ որպէս կաթողիկոսական տեղապահ ու անոր վախճանումէն ետք՝ կը ստանձնէ հայրապետական գահը որպէս Ամենայն Հայոց կաթողիկոս։ Ներսէս Շնորհալի հայրապետը որպէս կաթողիկոս ծառայեց մինչեւ իր մահը՝ 1173 թուականը։
Ան յօրինած է բազմաթիւ շարականներ, աղօթքներ, տաղեր, մեղեդիներ, հայրապետական թուղթեր, նամակներ, դաւանաբանական գրութիւններ եւ առակներ։ Իր հիասքանչ շարականներէն են. «Առաւօտ Լուսոյ, Խորհուրդ Խորին, Նորահրաշ պսակաւոր, Հաւատով Խոստովանիմ եւ այլ կարեւոր գործեր։ Շնորհիւ Ներսէս Շնորհալիին «Շարական» հասկացողութիւնը մուտք գործեց հայ ժողովուրդի գիտակցութեան մէջ. ըսաւ արհիապատիւ արքեպիսկոպոսը մէջբերելով «Սէր անուն Յիսուս, Սիրով քով ճմեալ, Սիրտ իմ քարեղէն» շարական աղօթքը ու եզրափակեց խօսքը։

Ապա տեղի ունեցաւ սուրբ Ներսէս Շնորհալիի սրբապատկերին օծման արարողութիւնը, որ զետեղուած է եկեղեցւոյ աջ պատին վրայ։
Յաւարտ սուրբ Պատարագին հաւատացեալները Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ շնորհաւորեցին մկրտութեան ուխտը վերանորոգող երեխաները, որոնք նաեւ գերապայծառ տիրոջմէն ստացան յուշանուէրներ:
 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ