Հինգշաբթի, 2 Յունուար 2014 - Սուրբ Ծննդեան եւ Ամանորի համերգ

Պէյրութ

Կիրակի, 22 Դեկտեմբեր 2013, երեկոյեան ժամը 8.30-ին, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական «Կռունկ» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ դոկտոր Էտուար Թորիկեանի, Սուրբ Ծննդեան եւ Ամանորի առթիւ բազմալեզու  համերգ մը ներկայացուց Պէյրութի Սուրբ Եղիա - Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ աթոռանիստ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, հովանանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ ամենպատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին, նախագահութեամբ Պր. Ժոզէֆ Պօղոսի եւ ներկայութեամբ արհի. Մանուէլ եպս. Պաթագեանի, Ֆրանսայի դեսպանատան Ա. Գործավարին, հոգեւորականներու եւ հայ ու օտար երաժշտասէր բազմութեան:
Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Գերյ. Հայր Գէորգ ծ.վ. Եղիայեան: Ապա՝ «Կռունկ» Երգչախումբը անընդմէջ ներկայացուց 25 երգեր, նախ՝ հայերէն, ապա՝ արաբերէն, գերմաներէն, ֆրանսերէն, անգլերէն, իտալերէն, ուքրաներէն եւ նոյնիսկ չինարէն, հոգեւոր, դասական ու արդի  բազմաձայն երգեր, որոնց մեծամասնութիւնը մշակուած ու դաշնաւորուած էին դոկտոր Էտուար Թորիկեանին կողմէ:
Այս իւրայատուկ,  նրբաճաշակ եւ խանդավառ համերգին դաշնամուրով կ'ընկերանար Ժան-Բիեռ Աստիկեան, իսկ ջութակով՝ Ռիթա Աստիկեան: Մեներգները յաջողութեամբ կատարուեցան Միրէյ Սաղպազարեան-Քիւթիւքճեանի, Ճօնի Կէօքճեանի եւ Յովիկ Գոզեանի կողմէ, ինչպէս նաեւ՝ օտար հիւր մեներգիչներու կողմէ:

 

Ելոյթ MTV հեռուստակայանէն
Երեքշաբթի, 24 Դեկտեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 10-ին, Հայ  Կաթողիկէ Պատրիարքական «Կռունկ» Երգչախումբը, ղեկավարութեամբ դոկտոր Էտուար Թորիկեանի, ելոյթ ունեցաւ լիբանանեան MTV հեռուստակայանէն, հանրութեան ներկայացնելով երեք հայկական երգեր: Դաշնամուրով կ'ընկերանար Ժան-Բիեռ Աստիկեան:

Առաջին երգը հոգեւոր էր՝ «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ» (մշակում՝ Խորէն Մէխանէճեանի): Ապա՝ «Ըսօր ծնունդ էր Մըրեամին-Աւետիք» (ժողովրդական երգ, մշակուած՝ Է. Թորիկեանի կողմէ) եւ «Երգ Նոր Տարուան» (եղանակ՝ Ալ. Յարութիւնեանի եւ դաշնաւորում՝ Է. Թորիկեանի): Այս վերջին երգին ջութակով կ՛ընկերանար Ռիթա Աստիկեան, իսկ մենակատարութեամբ՝ Միրէյ Սաղպազարեան-Քիւթիւքճեան եւ Յովիկ Գոզեան:

Յայտագրին մասնակցեցան լիբանանեան արհեստավարժ երգչախումբեր ու մեներգիչներ, բոլորն ալ ձիւնաթոյր ճերմակազգեստ՝ իւրայատուկ եւ մասնագիտական նկարահանումով: «Կռունկ» երգչախումբը այս առիթով փայլուն կատարողութեամբ ներկայացուց հայ կաթողիկէ համայնքը:


 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ