Երեքշաբթի, 7 Օգոստոս 2007 - Սկաուտական Ս. Պատարագ «Scouting Sunrise» Վերնագրին Տակ

 

Լիբանան

 

Համաշխարհային Սկաուտական շարժումի 100 ամեակի առիթով՝ Scout du Liban կազմակերպած էր գոհաբանական Ս. Պատարագ որ տեղի ունեցաւ 1 Օգոստոս 2007ին առաւօտեան ժամը 6:00ին Հարիսայի մայր տաճառի շրջափակէն ներս, որուն ներկայ էին Լիբանանի սկաուտական շարժումներու հոգեւոր վարիչները եւ 1000է աելի նախկին եւ ներկայ սկաուտներ:

Այս Ս. Պատարագին որ համաշխարհային յատուկ երեւոյթ մըն էր «Քրիստոս Լոյս Աշխարհի» ‏(Scouting Sunrise) վերնագրին տակ իրենց մասնակցութիւնը բերին Աշրաֆիէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի եւ Պուրճ Համուտի Ս. Մեսրոպի սկաուտները,  առաջնորդութեամբ Հայր Ղեւոնդ Վդ. Քէնտիրճեանի եւ Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեանի:

Ս. Պատարագի աւարտին սկաուտները վերանորոգեցին իրենց ուխտը հաւատարիմ մնալու իրենց քրիստոնէական եւ սկաուտական սկզբունքներուն՝ ըլլալու անկեղծ, պարկեշտ եւ ծառայասէր:  

 

 

 

 

 

 

 

       


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ