Երեքշաբթի, 30 Յուլիս 2013 - Երիտասարդութեան համաշխարհային օրերուն Պապին մասնակցութեան առաջին հաշուեկշիռ մը

Պէյրութ

28 Յուլիս 2013, Կիրակի երեկոյեան վարագոյրը իջաւ 28-րդ Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրերուն եւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը վերադարձաւ Հռոմ ըսելով որ «աւելի շատ ուրախ է քան յոգնած»։

ԵՀՕ մէկ շաբթուան ընթացքին, Սրբազան Քահանայապետը բառին իսկական առումով առինքնեց 187 երկիրներէ եկած շուրջ երեք միլիոն երիտասարդները։ «Ֆրանչիսկոս Պապին երիտասարդութիւնն ենք» բացագանչեցին անոնք։

Պրազիլի մէջ, մէկ շաբթուան ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Պապը արտասանեց 16 ճառեր, ցուցաբերեց այնպիսի վերաբերում մը, կատարեց ինքնաբուխ այնպիսի շարժումներ որոնք գրաւեցին երիտասարդներուն սիրտերը։ Այսպէս, Ան միշտ բաց պահեց իր ինքնաշարժին պատուհանը աւելի մօտէն ողջունելու համար ինքնաշարժը շրջապատող բազմութիւնը, շոյելու համար մանուկները, առնելու համար նամակներ եւ օրհնելու հաւատացեալներուն կողմէ բարձրացուած առարկաներ եւ մինչեւ իսկ առնելու համար  լատինական Ամերիկայի աւանդական խմիչքով լեցուն  գաւաթներ։ Ան չպահեց իր յուզումը՝ թիթեղաւանի աղքատներուն տուած այցելութեան ժամանակ։ Իսկ Խաչի ճանապարհին ժամանակ, Ան ամպիոն բարձրանալու հրաւիրեց  իրենց ապրուստը ապահովելու համար քաղաքի փողոցներէն քարթոն եւ այլ թափօններ հաւաքող անգործները։ Ռիոյի արքեպիսկոպոսութեան պաշտօնական ռատիոկայանէն ունեցած հարցազրոյցը իր պարզութեամբ եւ հաղորդականութեամբ տպաւորեց ունկընդիրները։ «Կը խորհիմ որ - ըսան Ան -  կաթողիկէ ռատիոկայան մը  ամէնէն մատչելի ամպիոնն է ծանուցանելու համար մարդկային ու կրօնական արժէքները եւ մանաւանդ աւետելու համար Յիսուս Քրիստոսը, եւ Անոր վերապահելու համար տարածք մը մեր կեանքին մէջ»։

Ֆրանչիսկոս, որ պատմութեան լատին ամերիկացի առաջին Պապն է, քարոզեց համերաշխութիւն, հանդիպում, երկխօսութիւն եւ ընկերային արդարութիւն։
Ֆրանչիսկոս Պապին համար, քրիստոնեաները պէտք չէ կորսնցնեն յոյսը, ընդունին Աստուծոյ անակնկալները եւ ապրին ուրախութեան մէջ։ Իրեն համար հաւատքը  յեղափոխական է եւ հաւատացեալները կը մղէ հոսանքն ի վեր երթալու, ընդդէմ ժամանակաւորի մշակոյթին. «Գացէ՛ք, առանց վախի, ծառայելու համար» ըսաւ Ան։
Սրբազան Քահանայապետը կարիքը զգացուց քարոզիչ առաքեալներու, որոնք  չվախնան աղմուկ յարուցանելով  փողոց իջնելէ։ «Քրիստոնեաները քաջութիւնը պէտք է ունենան ապստամբելու»։ Ան կ՚ուզէ Եկեղեցի մը, որ  խուսափի հարստութեան, հանգստաւէտութեան եւ  կղերապաշտութեան թակարդին մէջ իյնալէ, այլապէս կը դառնայ սովորական ոչ կառավարական կազմակերպութիւն մը։ «Ո՛չ ոսկի ունիմ, ո՛չ դրամ,  կը բերեմ ամէնէն թանկագին ունեցածս՝ Յիսուս Քրիստոսը» ըսած էր Ան Ռիօ ժամանումին արտասանած առաջին ճառին մէջ։

Այն ընդարձակ տարածքին վրայ, ուր տեղի պիտի ունենար աղօթքի հսկումը,եւ յաջորդ օրը՝ Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրերու եզրափակիչ սուրբ Պատարագը, որոնք տեղափոխուեցան սաստիկ տեղատարափին պատճառով,  Եկեղեցւոյ եւ Ռիոյի քաղաքապետարանին օգնութեամբ պիտի կառուցուին բնակարաններ 20.000 աղքատներու համար։ Ասիկա պիտի ըլլայ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Պրազիլ այցելութեան առաջին եւ շօշափելի մէկ արդիւնքը։

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ՅԱՋՈՐԴ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ 2016-ին, ԼԵՀԱՍՏԱՆ
Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրերու եզրափակիչ Պատարագի աւարտին, Պապը հաղորդեց որ յաջորդ ԵՀՕ տեղի պիտի ունենան 2016-ին Գրագովիայի մէջ, Լեհաստան։
Լեհաստանը ծննդավայրն է երանելի Յովհաննէս Պօղոս  Բ.Պապին, որ հիմնադիրն է Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրերուն եւ որուն սրբադասումը պիտի յայտարարուի շուտով։ 2016-ը  Լեհաստանի մկրտութեան 1050 ամեակն է։

ԻՆՉՈ՞Ւ ՀԱՄԱՐ ԿԸ ԽՆԴՐԷ ՈՐ ԻՐԵՆ ՀԱՄԱՐ ԱՂՕԹԵՆ
Ռիոյէն Հռոմ վերադարձի ճամբուն վրայ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սրտբաց զրոյց մը ունեցաւ լրագրողներուն հետ պատասխանելով անոնց հարցումներուն։
Թղթակիցի մը այն հարցումին թէ ինք ինչո՞ւ ամէն առիթով կը խնդրէ որ իրեն համար աղօթեն, Պապը ըսաւ որ այս խնդրանքը ըրած է միշտ քահանայ դարձած օրէն, որպէսզի Տէրը օգնէ իրեն՝  Աստուծոյ ժողովուրդին ընդառաջ երթալու իր աշխատանքին մէջ, նաեւ անոր համար որ ինք մեղաւոր մըն է։ «Ահա թէ ինչո՞ւ կ՚ուզեմ որ աղօթեն ինծի համար - ըսաւ ան։ Նոյնիսկ Տիրամայրէն կը խնդրեմ որ ինծի համար աղօթէ Տիրոջ։ Այս խնդրանքը ներսէս կու գայ»։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ