Երկուշաբթի, 26 Սեպտեմբեր 2011 - «Համաժողովը վկայութիւնն է համահայկական հիմնախնդիրները միասնական ճիգերով լուծելու պատրաստակամութեան»


Երեւան

Երեւանի մէջ համահայկական համաժողովին մասնակցող հայ կաթողիկէ պատուիրակութեան անդամ՝ Լիբանանի «Մասիս» շաբաթաթերթի պատասխանատու տնօրէն պր. Սարգիս Նաճարեանի հարցազրոյցը Հայաստանի տեղական մամուլին հետ, Հայաստան իր կեցութեան ընթացքին:

Համախմբուածութիւնը, սփյուռքահայ կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու առաջնորդներու, ղեկավարներու այսքան բազմաթիւ մասնակցութիւնը վկայութիւնն է սփյուռքահայութեան, համայն Սփիւռքի՝ հայրենիքի հանդէպ տածած սիրոյն եւ հայկական պետականութիւնը հզօրացած տեսնելու նախանձախնդրութեան: Եթե այդ սէրը և նախանձախնդրութիւնը չլինէր, այս մարդիկ հոս ի՞նչ գործ ունէին:

Ասիկա վկայութիւնն է նաեւ համահայկական հիմնախնդիրները միասնական ճիգերով լուծելու պատրաստակամութեան: Հիմնախնդիրները միայն Սփիւռքինը, Հայաստանինը կամ Արցախինը չեն, այլ համայն հայութեանն են, համայն ազգինն են, հետեւաբար համայն ազգը միայն միաբռունցք, միասնական, միաբերան կրնայ այդ խնդիրները լուծելու աշխատանքները սկսիլ: Եւ յուսամ, որ այս համաժողովը այդ աշխատանքներու մեկնակէտը կը դառնայ:

Խորհրդանշական է, որ մենք հայրենիքի մէջ հաւաքուած ենք Անկախության տօնին: Անկախութիւնը ոեւէ երկրի, ոեւէ ժողովուրդի համար բարիք պէտք է դառնայ, ժողովուրդը անկախութեան բարիքը պէտք է վայելէ, որովհետեւ անկախութեան համար պայքարած կ'ըլլայ, քանզի անկախութիւնը հենց այնպէս չի տրուիր. այն պայքարի, տոկունութեան, զրկանքի արդիւնք է: Այնուհետեւ, երբ անկախությունը ձեռք կը բերուի, պէտք է անկախութիւնը ժողովուրդը վարձատրէ: Այսօր, շատ անկեղծ կ'ըսեմ, դժբախտաբար, վարձատրութիւնը առաւել կամ նուազ համեմատութեամբ իրականացած չէ: Ժողովուրդը այդ անկախութեան բարիքն ամբողջությամբ չի վայելէր: Մաղթանքս, ցանկութիւնս է, որ իշխանութիւնները անկախութիւնը ժողովուրդի համար բարիք դարձնելու աշխատանքին լծուին:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ