Շաբաթ, 22 Սեպտեմբեր 2007 - Հոգեհանգստեան Պաշտօն Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանէն Ներս

Պէյրութ, Լիբանան
 
 

 

Նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց՝ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի, Շաբաթ՝ 22 Սեպտեմբեր 2007 ժամը 6:00ին, ԱշրաՖիէի Ս. Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ Ս. Պատարագ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն  յիշատակելու համար Լիբանանեան Բանակի Նահր Պարէտ գաղթակայանին մէջ երեքուկէս ամիս տեւած Ֆաթհ Իսլամ կազմակերպութեան դէմ արձանագրած յաղթանակը, եւ բանակի նահատակ զինուորներու հոգիները:
Պատարագին ներկայ էին Լիբանանի պաշտպանութեան նախարարի եւ Լիբանանեան բանակի ընդհանուր հրամանատարի ներկայացուցիչ՝ զօրավար Փանոս Մանճեան, լիբանանեան ապահովական ուժերու ընդհանուր տնօրէնի ԱշրաՖ ՐիՖիյի ներկայացուցիչ՝ հարիւրապետ Րօնի Պիթար ինչպէս նաեւ եկեղեցական եւ ազգային անձնաւորութիւններ:  
Օրուան Պատարագը մատուցեց Պատրիարքական Թեմի Օգնական Եպիսկոպոս՝ Արհի. Հայր Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեան: Ան իր քարոզը սկսաւ ըսելով «Չկայ աւելի մեծ սէր քան կեանքը զոհել հայրենիքին համար»: Ան վեր առաւ յիշատակը լիբանանեան բանակի նահատակ զինուորներու աւելցնելով թէ հերոսները անմահ են եւ անոնց զոհաբերումը կը մնայ բոլորին հաւաքական խղճին ու կեանքին մէջ որպէս «ճանապարհ կեանքի եւ պայքարի»:
Գերպ. Թէյրուզեան նշեց թէ հայերը 1,5 միլիոն նահատակներ տուող ազգ են եւ այսուհետեւ լաւ կը հասկնան եւ կ՛արժեւորեն հայրենիքի համար նահատակուելու «սրբազան զոհաբերումի իմաստը»: Անդրադառնալով Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ անապահով վիճակին եւ վերջին իրադարձութիւններուն Գերպ. Թէյրուզեան շեշտեց թէ անկարելի է ազգ մը ծաղկեցնել եւ հայրենիք մը կերտել բռնատիրութամբ, հպարտութեամբ եւ քննադատական ու խծբծանքի խօսքերով այլ ազատ եւ գերիշխան հայրենիք մը ունենալու համար անհրաժեշտ է գաղափարներու փոխանակումը, համերաշխութիւնն ու միութիւնը:
Գերպ. Տէրը իր քարոզի աւարտին աղօթք բարձրացուց առ Աստուած մարտիրոս զինուորներու հոգիներու հանգստեան ու փրկութեան համար եւ փակեց ըսելով , «Թող անոնց անմահ յիշատակը խթան հանդիսանայ մեր հոգիներուն, որպէսզի վանենք մեր սրտէն ամէն տեսակ եսասիրութիւն ու խոր‎հինք լոկ հայրենիքին բարիքը ու վերելքը: Կեցցէ՛ Լիբանանը, կենակցութեան հայրենիքը»: 
Պատարագէն ետք ներկաները ուղղուեցան  դէպի պատրիարքարանի հիւրասրահը ուր գնահատեցին եւ ողջունեցին Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ այս ազնիւ նախաձեռնութիւնը իբրեւ յարգանք Լիբանանի ազգային բանակին եւ անոր անձնուէր նահատակներուն: Ներկաները  արծարծեցին նաեւ  Լիբանանի քաղաքական վերջին իրադարձութիւնները մասնաւորաբար Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան՝ Անթուան Ղանէմի նահատակութիւնը եւ անոր հետեւանքները քաղաքական եւ ապահովական գետնի վրայ: 

 

 

 

 

 

 


 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ