Երկուշաբթի, 22 Ապրիլ 2013 - Կիրակնօրեայ Խօսքը. Կանայի Հարսանիքը Կրնա՞յ Պատահիլ Այսօր…


Սիրելի՛ ընթերցող, երկինքին մէջ Որդի Աստուած եւ երկրին վրայ Յիսուս Քրիստոս նոյն Անձն է, Աստուածամա՛րդը, որ սիրեց մարդերս իր կեանքին գնով` խաչափայտին վրայ գամուելով ու մեռնելով: Իր խաչամահին շնորհիւ` Յիսուս Քրիստոս յարութիւն առաւ եւ համբարձաւ երկինք:
Այս ճշմարտութիւնները, որոնք նաեւ պատմական իրողութիւններ են, կը կազմեն հիմը մեր կրօնին, բոցը մեր հաւատքին, ուղեցոյցը մեր քրիստոնէական կեանքին եւ երաշխիքը մեր յաւերժական երանութեան:
Յաւիտենական մեր երջանկութեան նախադուռն է մեր զատկական ուրախութիւնը յարութեան, որուն «Յինանց» ժամանակաշրջանին մէջ տակաւին կ՛ապրինք այսօր:
Այո՛, իր հրաշափառ յարութեամբ, Յիսուս Քրիստոս մեզ լիացուց բերկրանքով եւ կը լիացնէ ուրախութեամբ, որուն նախահամը տուաւ, օրինակի համար, Կանայի հարսանիքին (Յովհ. 2,1-11):
Անկասկած, ծանօթ է քեզի «Գալիլիայի Կանա քաղաքին մէջ» սարքուած հարսանիքին դրուագը, զոր միայն չորրորդ աւետարանիչը` Ս. Յովհաննէս առաքեալը կը պատմէ մեզի: Կը խնդրեմ, որ առնես Աստուածաշունչդ եւ նորէն կարդաս այս հատուածը:
Ինչպիսի՜ պարզ մարդամօտիկութիւն, մարդասիրութիւն, մարդկայնականութիւն կը գտնենք Մարիամի քով, որ Մայրն մարդկութեան ու Եկեղեցիին, եւ Յիսուսի մօտ, որ Փրկիչն է «իր անունին հաւատացողներուն» ու Գլուխը` իր «Խորհրդական Մարմինին»:
Մարիամով` Աստուած կրցաւ մարդանալ, եւ Յիսուսով` մարդը կրնայ աստուածանալ: Մարիամով ու Յիսուսով` մարդկայինը սրբացաւ, ինչպէս` ամուսնութիւնը, ընտանիքը, ուրախութիւնը:
Կանայի հարսանիքին եւ ուրախութեան ներկայ էին Մարիամ ու Յիսուս: Մեր հարսանիքներուն եւ ուրախութիւններուն ներկա՞յ են Մարիամ ու Յիսուս… Եթէ անկեղծ պատասխանն առնել ուզենք մեր առօրեայէն, ան պիտի ըլլայ ժխտական…
Մարիամ, հոգեւոր Մայրը հարսնեւորներուն, որ տեսաւ գինիին պակասումը, դիմեց իր միամօր Որդիին. «Գինի չունին»: Պարզ ու յստակ խօսք է, որ, սակայն, սրտաբուխ արտայայտութիւն է Մօր անսասան հաւատքին, անվերապահ յոյսին ու համակ սիրոյն:
Յիսուս, որ ոչ միայն ամենագէտ եւ ամենատես է, այլ նաեւ` նախագէտ ու նախատես, կը հասկցնէ իր բարեխօս Մօր, թէ իր խառնուելիք գործը չէ, քանի իր ժամը չէ հասած տակաւին:
Մարիամի ժամը, սակայն, միշտ հասած է, ուստի, Յիսուս պիտի զիջի անոր հզօր ու պարզ միջնորդութեան, որովհետեւ խնդրանքը կ՛անցնի Մօր Սրտէն Որդիին Սիրտը:
Յիսուս գիտէ, թէ Մարիամի ժամը ի՛ր ժամն է, քանի առկայ է անբաժանելիութիւնն Որդիին եւ Մօր Սրտերուն` Ս. Հոգիին իջումով ներգործեալ ու Բարձրեալին զօրութեամբ հովանաւորեալ (Ղկ. 1,35):
Ս. Յովհաննէս աւետարանիչին հասկացողութեամբ, անբաժանելիութիւնը կայ նաեւ Մարիամի եւ Յիսուսի հրապարակային առաջին ու վերջին ելոյթներուն միջեւ: Կանայի հարսանիքին Յիսուսի արտաբերած «ո՜վ Կին» (Յվհ. 2,4) սահմանումը նոյնն է Գողգոթայի խաչին` Յիսուսի բանաձեւած «ո՜վ Կին» (Յվհ. 19,25) սահմանումին հետ:
Առաջինով Մարիամ կը դառնայ Միջնորդը մարդերուն եւ երկրորդով` անոնց Մայրը, որ նոյնպէս ներկայ է Ս. Գրքին առաջին մատեանին մէջ իբրեւ օձակոխ «Կին» (Ծն. 3,45), ինչպէս ալ Աստուածաշունչին վերջին գրքին մէջ, իբրեւ վիշապասպան «Կին» (Յյտ. 12,1):
Այսպէս, Մարիամի ընդհանրականութիւնը կը սերի Յիսուսի տիեզերականութենէն, եւ Մօր հզօրութիւնը կը սկզբնաւորի Որդիին զօրութենէն: Այս օժտուածութեամբ լռելեայն գիտակից` «Մայրն ըսաւ սպասաւորներուն.՛՛Ըրէ՛ք, ինչ որ հրամայէ ձեզի՛՛» (Յվհ. 2,5):
Պարզութեան մէջ յստակ եւ յստակութեան մէջ անդրդուելի է Մարիամ, քանի Մայրն է Աստուածամարդուն եւ Անկէ` Մայրը մարդերուն, որոնց բարօրութեան համար միշտ
յօժար է բարեխօսութեան ու կարող է միջնորդութեամբ:
«Ըրէ՛ք, ինչ որ հրամայէ ձեզի»:
Մայրական Բարեխօսին սրտէն ու Միջնորդին բերանէն վերջին ելած այս խօսքը կ՛արձագանգէ դարերուն ընդմէջէն բոլոր մարդերուն, ընդհանրապէս, եւ բոլոր քրիստոսականներուն` յատկապէս, որոնց ազատագրումն ու բարիքը կ՛ուզէ Մարիամ, քանի Մայրն է Անոր, որուն ինքնավկայութիւնն ճշմարիտ եւ անյետսկոչելի է.«Աստուած այնքա՜ն սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր Միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ամէն մարդ, որ կը հաւատայ Անոր, չկորսուի, այլ ընդունի յաւիտենական կեանքը» (Յվհ. 3,16):
Սպասաւորները կատարեցին Տիրոջ կամքը եւ ապրեցան գինիին փոխուած ջուրին սքանչելիքը: Նոյնպէս հնազանդելով Մարիամի հրահանգին, երբ մենք կը գործադրենք Յիսուսի խօսքը, կը հրաշագործուի «վատորակ»-ը միայն «ընտիր»-ին (Յվհ. 2,10), այսինքն կը դիպի եղափոխութիւնը մեր անձին, բարեփոխումը մեր կեանքին մէջ:
«Ըրէ՛ք, ինչ որ հրամայէ ձեզի» հրահանգին կիրարկումը «եղաւ սկիզբը Յիսուսի նշաններուն», երբ «յայտնեց իր փառքը եւ աշակերտները հաւատացին Անոր» (Յվհ. 2,11): Նոյնը կրնա՜ր ու մի՛շտ կրնայ պատահիլ մեզի, եթէ, Մօր միջնորդութեամբ, կ՛անսանք Որդիին խօսքին…
Յիսուսի փառքը անբաժանելի է Յիսուսի սքանչելագործութենէն. Կանայի պարագային, հարսանիքի հրաշքն է, Յիսուսի գործելիքներուն առաջինը, որ, իր կարգով, կը սկզբնաւորէ երեք ճշմարտութիւններ:
Առաջին` ծագած-սկսած է մեսիանական հարսանիքը, որուն հրաւիրուած են մարդերը:
Երկրորդ` գոյացափոխութեան հարսանիքն է, որ խորհրդանիշն է Ս. Հաղորդութեան:
Երրորդ` մարեմական հարսանիքն է, որ կը փաստէ Տիրամօր` Աստուծոյ շնորհքներու Միջնորդին բարեխօսական դերը հաւատացողներու աստենական երջանկութեան եւ անդենական երանութեան համար:
- Այսօ՞ր…: Մեզի՞…: Այո՛: Բայց միայն ա՛յսպէս կրնայ պատահիլ Կանայի հարսանիքը…

Այնճար, 14 ապրիլ 2013 
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ