Շաբաթ, 1 Սեպտեմբեր 2012 - Սրբազան Քահանայապետին սեպտեմբեր ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւնները


Վատիկան

Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան Քահանայապետը սեպտեմբեր ամսուայ որպէս ընդհանուր դիտաւորութիւն ընտրած է աղօթել «քաղաքական գործիչներուն» համար, այն յոյսով, որ «քաղաքական պատասխանատուները միշտ գործեն անկեղծութեամբ, ամբողջութեամբ եւ ճշմարտութեան սիրով»:

Իսկ որպէս միսիոնարական դիտաւորութիւն սրբազան Պապը կոչ կ'ուղղէ «օժանդակելու աղքատ երկիրներու պատկանող Եկեղեցիներուն», «որպէսզի քրիստոնեայ համայնքները տրամադրելի ըլլան քարոզիչներուն, քահանաներուն ու աշխարհականներուն համար, ինչպէս նաեւ իրենց հաստատուն օժանդակութիւնը աւելցնեն ամէնէ կարիքաւոր Եկեղեցիներուն»:  


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ