Հինգշաբթի, 26 Փետրուար 2009 - Ամեն. Հոգեւոր Տէրը Մասնակցեցաւ Իրաքի Քրիստոնեաներու Նուիրուած Դասախօսութեան

Լիբանան

Իրաքի պատերազմէն ետք, քրիստոնեայ համայնքները ենթարկուեցան մեծ վնասներու եւ այդ պատճառով մեծ թիւով քրիստոնեաներ ապահովական եւ տնտեսական պատճառներով գաղթեցին Իրաքէն: Այս մտահոգութենէն մեկնելով, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին եւ գործակցութեամբ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի, 9-11 Փետրուար 2009-ին Լիբանանի մէջ համագումար մը տեղի ունեցաւ նուիրուած Իրաքի քրիստոնեաներուն: Այս համագումարը կը նպատակադրէր քննարկել Իրաքի մէջ ապրող քրիստոնեաներու իրավիճակը եւ ապա ծրագիրներ մշակել, որոնք  եկեղեցւոյ զօրակցութիւնը կը բերեն Իրաքի վերականգնումին:

Համագումարին մասնակցեցան Հայ Առաքելական (Իրաքի հայոց առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեան), Ասորի Կաթողիկէ, Ասորի Օրթոտոքս, Լատին եւ Աւետարանական եկեղեցիներէն ներկայացուցիչներ, ներկայութեամբ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու:

Երկրորդդ հանգրուանին Փետրուար 12-ին, համագումարի մասնակիցները այցելութիւն մը տուին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն. եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքին: Այս հանդիպման ընթացքին, Ամեն. Հոգեւոր Տէրը իր խորին մտահոգութիւնները փոխանցեց Իրաքի քրիստոնեայ ներկայութեան մասին եւ շեշտեց կարեւորութիւնը ամրապնդելու եւ վերականգնելու Իրաքի եկեղեցական կառոյցները:


Երրորդ հանգրուանին, Ամեն. Հոգեւոր Տէրը ներկայ գտնուեցաւ Քաղդէացի համայնքի Լիբանանի եպիսկոպոս՝ Միշէլ Քասսարճիի Լուէյզի համալսարանի մէջ տուած դասախօսութեան, որուն ներկայ էին քրիստոնեայ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, իսլամ կրօնապետներ եւ քաղաքական դէմքեր:Դասախօսութեան ներկայ էր նաեւ Քահանայապետական նուիրակի առաջին քարտուղար՝ Թոմաս Հապիպ, իսկ Արամ Ա. կաթողիկոսին կը ներկայացնէր Կոմիտաս արք. Օհանեան:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ