Չորեքշաբթի, 8 Յունիս 2011 - Թուրքիոյ պապական նուիրակի կոչը կրօնական ազատութեան ի խնդիր

 
Թուրքիա

Կիրակի 5 յունիս 2011ին, Իսքէնտերունի մէջ տեղի ունեցաւ Գերապայծառ Բատովեզէի յիշատակին նուիրուած հաւաքը, որուն մասնակցեցան կաթողիկէ եւ ուղղափառ եկեղեցական ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին նաեւ հայ Եկեղեցին։ Այս առթիւ, Թուրքիոյ մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Անթոնիօ Լուչիպելլոն յայտարարեց թէ կաթողիկէ եկեղեցին Թուրքիոյ մէջ կ՚ապրի «լոկ ներկայութիւնէ մը դէպի վկայութիւն անցք մը»։ Ոչ աղմկարար վկայութիւն մը այլ ապրելակերպի վկայութիւն մը։ Անդրադառնալով Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան, գերապայծառ Լուչիպէլլոն հաստատեց երկրին մէջ «կրօնական ազատութեան» կարեւորութիւնը, որ ոչ միայն պաշտամունքի ազատութիւն այլ նաեւ խղճի ազատութիւն։ Կարեւոր է -ըսած է ան - որ ամէն մարդ կարելիութիւնը ունենայ հաւատալու եւ չհաւատալու, եւ եթէ հարկ ըլլայ նաեւ իր կրօնը փոխելու։ Յիշեցնենք, թէ գերապայծառ Բատովեզին 2010 յունիս 3-ին դաժան կերպով սպաննուած էր իր իսլամ վարորդի ձեռքով։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ