Շաբաթ, 9 Մայիս 2009 - Հայոց Ցեղասպանութեան Նշում Դամասկոսի մէջ

Դամասկոս, Սուրիա

 
Հայոց Ցեղասպանութեան 94-ամեակի նշումը Դամասկոսի մէջ կատարուեցաւ 23-24 Ապրիլին,համագաղութային տարողութեամբ:
 

23 Ապրիլի երեկոյեան, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Ապրիլեան նահատակներու նուիրուած յուշակոթողին առաջ տեղի ունեցաւ «Հսկումի երեկոյ», կազմակերպութեամբ Ս.Ե.Մ.-ի, Համազգայինի, Հ.Կ.Մ.-ի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի յառաջացուցած միացեալ յանձնախումբին: Տպաւորիչ մթնոլորտի մէջ կատարուած ձեռնարկը ներկաներուն յաջողեցաւ փոխանցել պահանջատիրութեան ու որպէս հայ գոյատեւելու կարեւոր պատգամները:

Հսկումի երեկոն սկսաւ ջգահերթով ու բոցավառումով «Ապրիլ 24» գրութեան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտներու կողմէ, ապա մասնակից միութիւններու անունով զետեղուեցան ծաղկեխաչեր յուշակոթողին առաջ, Հ.Կ.Մ.-ի շեփորախումբի նուագի կշռոյթին տակ: Բացման խօսքեր արտասանեցին արաբերէն ու հայերէն լեզուներով Վարանդ Մելքոնեանն ու Նուշ Սանոսեանը, դատապարտելով ցեղասպանութեան արարքը ու պահանջելով արդարութիւն:
 
Մասնակցող միութիւններու անդամները ներկայացուցին գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը մինչ մեծ պաստառներու վրայ կը կատարուէր սահիկներու ցուցադրութիւն: Այստեղ նշենք թէ եկեղեցւոյ բակին պատերու վրայ զետեղուած  էին Ցեղասպանութեան արհաւիրքը արտայատող պաստառներ ու պատկերներ: Հ.Կ.Մ.-ի պատանիներն ու ջահակիրները կատարեցին 2  խմբերգներ «թող հնչեն շեփորք» եւ «Գետաշէն»: Պատանիներ Սթիւ Գոմուրեան Ֆրանսուա Իսքենտէրեան, Ժան Թումա,Սարօ Սուվալեան նուագեցին Արա Գէորեգանի «Մուշ» ստեղծագործութիւնը: Ջահակիր Նորայր Տէր Պետրոսեանը արատասանեց Յովհաննէս Թումանեանի «Հայրենիքիս հետ» բանաստեղծութիւնը: Սթիւ Գոմուրեան եւ Շանթ Տէր Մեսրոպեան միասնաբար նուագեցին «Կիլիկիա»: Ցուցադրուեցաւ Ամերիկահայ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրող գրագէտ Յակոբ Ասատուրեանի վկայութիւնը մեծ եղեռնի օրերուն մասին  : Համազգայինի անդամ երիտասարդուհիներ կատարեցին կենդանի պատկեր, նոյնպէս լսելի դարցան այլ ասմունքներ ու նուագներ: «Հսկումի երեկոյի վերջաւորութեան» ելոյթ ունեցաւ «Քնար» երգչախումբը, ապա Հայր Մովսէս Տօնանեանի բակման խօսքով ու Տէրունական աղօթքով վերջ գտաւ ձեռնարկը:
Նոյն ժամուն Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ ալ տեղի ունեցաւ Հսկումի երեկոյ:

 
Ուրբաթ  24 Ապրիլի առաւօտեան տեղի ունեցաւ Ս. Պատարագ եւ հանգստեան պաշտօն Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ ապա  ներկայ ժողովուրդը, գլխաւորութեամբ Հայ 3 համայնքապետերու
 
ու Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանին ուղղուեցան ազգային գերեզմանատուն, առաջնորդութեամբ Հ.Մ.Մ.-ի շեփորախումբի ու Հայ Կաթողիկէ Միութեան պատանիներուն, ուր նահատակաց յուշակոթողին առաջ տեղի ունեցաւ հանգստեան պաշտօն, ապա իր պատգամը փոխանցեց  Տ. Արմաշ եպս. Նալպանտեանը:   
 
Կէսօրէ ետք, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ Հայր Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեան մատոյց Ս. Պատարագ Հայ ազգի նահատակներու դիտաւորութեան, ներկայութեամբ Արհի. Յովսէփ եպս. Առնաութեանի Առաջնորդ Դամասկոսի Կաթողիկէ հայոց, Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Արմաշ եպս. Նալպանտեանի, հոգեւորական հայրերու, Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան Տոքթ. Արշակ Փոլատեանի ու դեսպանատան անձնակազմի ու բազմաթիւ ազգայիններու: Յաւարտ Ս. Պատարագին ներկաները առաջնորդութեամբ Հ.Կ.Մ.-ի շեփորախումբի ուղղուեցան դէպի Նահատակաց յուշակոթող ուր կատարուեցաւ հանգստեան պաշտօն :

  Ապա Հ.Կ. Ամինեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման ձեռնարկ, կազմակերպութեամբ միջ-համայնքային ու միութենական միացեալ յանձնախումբին :

Ոգեկոչման  բացման խօսքը կատարեց   Գերաշնորհ Տ.Արմաշ եպս. Նալպանտեանը, նշելով թէ անցեալով ապրիլը հետամնացութիւն է սակայն մեզի համար Հայոց Ցեղասպանութիւնը անցեալ է բայց անցած չէ եւ մենք այսօր չենք կրնար ծրագրել մեր ազգային կեանքը, Մայր հայրենիքի ծաղկումը ու մեր սփիւռքահայ իրավիճակը կազմակերպել եթէ  միշտ ի մտի չունենանք այդ ահաւոր որճրագործութիւնը որուն զոհ գացինք եւ պէտք չէ առիթ ընծայել որ այդ շարունակուի այսօր: Սրբազան հայրը աւելցուց թէ Ցեղասպանութիւնը ոչ թէ միայն միլիոն ու կէս անմեղ զոհերն էին, այլ շատ աւելին, քանի մենք կորսնցուցինք  մեր մշակութային հարստութիւնները ու ստեղծած  դարաւոր քաղաքակրթութիւնը: Հայց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի սեմին շեշտեց սրբազան հայրը, հրամայական է որ ըլլանք ցեղաճանաչ, ազգաճանաչ եւ մանաւանդ պարտաճանաչ մեր ազգային պարտաւորութիւններուն մէջ:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցան Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան պատանիները կենդանի պատկերով մը նուիրուած նահատակ հայ մտաւորականներու: Ապա յաջորդաբար ասմունքեցին Տիկին Անուշ Մարաշլեան, Պրն. Սեւակ Տեմիրճեան, նաեւ կատարուեցան նուագներ: Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան «Մեղրի» պարախումբը ներկայացուց երկու պար: Ապա հանդիսավար Տիկին Ժէնի Բարսեղեան բեմ հրաւիրեց օրուայ բանախօսը, Լաթաքիահայ յայտնի գրագէտ ու հասարակական գործիչ Պրն. Յակոբ Ադամեանը: Ան իր բանախօսութիւնը վերնագրած էր «Այլասերում», նկատի ունենալով նահատակ գրագէտ Ռուբէն Սեւակի մէկ յօդուածը զոր գրած էր իր նահատակութենէն 3 տարի առաջ: «Որովհետեւ  այսօր ան կը մնայ ոչ միայն այժմէական, այլեւ խիստ ուսանելի, որովհետեւ՝ այն վաւերական վկայութիւն մըն է Հայոց Եղեռնին նախորդող ժամանակաշրջանի հայ մտաւորականութեան ընդհանուր պատկերին» ըսաւ Պրն. Ադամեան:  Այսօր յայտնեց յարգարժան բանախօսը մահն արհամարելը բաւարար չէ բնաւ, որովհետեւ մահէն աւելի սարսափելին՝ ցուլումն է, նահանջը, այլասերումը: Այնուհետեւ Պրն. բանախօսը կատարեց մէջբերումներ Ռ. Սեւակի վերոնշեալ յօդուածէն, վերջացնելով հետեւեալ պարբերութեամբ:«Ժամանակն է հակազդելու, հակազդե՛նք: Մեզի նոր Ոսկեդար մը պէտք է, Այլասերո՞ւմ, ո՛չ,Վերածնունդ….»: Պրն. Ադամեան նկատեց թէ այսօր ալ ունինք մտաւորականներ որոնք Ռ. Սեւակի նոյն գաղափարները ունին, ինչ որ քաջալերական է: Նոր Զարթօնքի  համար անկարելի բան չկայ: Կամենալը կարենալ է ըսաւ ան, ու համոզում յայտնեց թէ պէտք է սկսիլ մեր վարժարաններէն, զինակոչելով հայութեան պահուած գանձարանները, բարեսիրական եւ մշակութային միութիւնները, Հայաստանեայց Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական եկեղեցիները իրենց կառոյցներով: Պրն. Ադամեան աւելցուց թէ հայութեան մաղթանքն է Հայրենիքի մէջ տեսնել ողջմիտ,առողջ, անշահախնդիր՝ օրէնքի ղեկավարութիւն մը ատակ արդարօրէն ղեկավարելու երկիրը: Ի վերջոյ ան ըսաւ:«Մէկ խօսքով, հայրենի եւ սփիւռքի լայնախոհ մտաւորականութենէն շատ բան կ՝ակնկալուի եթէ կ՝ուզենք, որ Հայ ազգը գոյատեւէ….: Այլասերումին առաջքը առնելու մասին տնտնալը՝ ոճիրի համազօր է: Վաղը՝ շատ ուշ պիտի ըլլայ արդէն…: Որովհետեւ Այլասերումին անպայմանօրէն կը յաջորդէ՝ պարտուածութիւն եւ սնանկութիւն բոլոր ճակատներուն վրայ…»:

Յուշահանդէսի վերջին բաժնով, ելոյթ ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ Միութեան «Քնար» երգախումբը Շանթ Քէշիշեանի խմբավարութեամբ ու Առնօ Քէշիշեանի դաշնակի ընկերակցութեամբ, ներկայացնելով, «Վանի  կոտորածը եւ Կարնոյ շարժումը», «Ատանայի ողբը» եւ «Երգ պահանջատիրութեան» ստեղծագործութիւնները: Բակման խօսքը կատարեց Արհիապատիւ Յովսէփ եպս. Առնաութեանը, հաստատելով բանախօսին այն միտքը թէ այսօր հայ ազգը պէտք ունի զարթօնքի, պէտք ունի միասնականութեան, հասնելու մեր դատի արդար լուծման: Երեկոն վերջ գտաւ  երգչախումբի Մայր Հայրենիքի օրհներգի կատարմամբ: 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ