Չորեքշաբթի, 2 Ապրիլ 2014 - Շնորհաւորական ուղերձ ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ նորընտիր Պատրիարքին
Պէյրութ

Երեքշաբթի, 1 ապրիլ 2014-ին, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը շնորհաւորական ուղերձ մը յղած է Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ նորընտիր Պատրիարք Գերերջանիկ Իգնատիոս (Աղնադիոս) Բ. Էֆրեմին: Նամակին մէջ, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր բարեմաղթութիւնները կը փոխանցէ ասորի նոր Պատրիարքին, իմաստութեամբ առաջնորդելու իր հօտը եւ Տիրոջ զօրութեամբ դիմագրաւելու քրիստոնեայ հասարակութեան բոլոր դժուարութիւնները եւ շրջանին մէջ տիրող ծանր պայմանները:

Աւարտին, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը յոյս կը յայտնէ որ նոր Պատրիարքին ընտրութիւնը Քառասնորդացի օրհնաբեր շրջանին առիթ կը հանդիսանայ միջեկեղեցական յարաբերութիւններու սերտացման:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ