Հինգշաբթի, 18 Մարտ 2010 - Հ. Կ. Մեսրոպեան վար­ժարանի տարեկան բարեսիրական ճաշկերոյթը

 

Պէյրութ, Լիբանան

 

Շաբաթ, 13 Մարտ 2010-ի երեկոյեան, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վար­ժարանը կազմակեց իր տարեկան բարեսիրական ճաշկերոյթը, ներկայութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հա­յոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ նա­խա­գա­հու­թ­եամբ Տէր եւ Տիկին Վարուժ Ներկիզեանի։ Սոյն ձեռնարկին հան­գանակուած ողջ գումարը պիտի փոխանցուի կարիքաւոր սաներու ֆոնտին։


Mes16546
Mes65896 
Հայ
Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վար­ժարանի տնօրէն՝ Պր. Գալուստ ըսաւ, որ սփիւռքի բաբախուն սիրտը հան­դի­սա­ցող Լիբանանին մէջ որպէսզի հայը ապրի հայօրէն, պէտք է հայ եկեղեցւոյ կող­քին անսասան մնայ նաեւ հայ դպրոցը, իսկ 71-ամեայ կեանք ունեցող Մես­րոպեան վաժրարանը լիբանանահայ ամէնէն մեծ կրթական համալիրն է, որ ունի աւելի քան 1300 աշակերտներ իր զոյգ վարժարաններով։ «Գիտէք, որ տարիներու ընթացքին Մեսրոպեան վարժարանը միշտ եղած է զարգացման ընթացքի մէջ՝ ըլլայ ուսումնական կամ շինարարական մար­զե­րու մէջ»։

Այս առթիւ Պր. Գալուստ ըսաւ, որ «ստանալէ ետք Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տիրոջ օրհ­նու­թիւ­նը, վարժարանիս տնօրէնութիւնը որոշեց իր շնորհակալութիւնը մեր մե­ծար­գոյ բարերարին յայտնել իւրայատուկ ոճով, շնորհելով անոր «Ս. Մեսրոպ Մաշ­տոց»ի յուշամետալը»։ Պր. Վարուժ Ներկիզեանը վեր­ջին տարիներուն իր հանգուցեալ հօր յիշատակին հաստատած է անոր անունը կրող՝ «Աբրահամ Ներկիզեան» հիմ­նա­դրա­­մը, իսկ իւրաքանչիւր տարի վարժարանի կողմէն կազմակերպուող տարե­կան ճաշկերոյթներուն ան՝ իր եւ իր ազնուափայլ տիկնոջ անունով կը կատարէ աւան­դական դարձուցած իշխանական օժանդակութիւնը։


Վարժարանի
իւրաքանչիւր հայ կարիքաւոր աշակերտի անունով եւ Մես­րոպ­եան վարժարանի մեծ ընտանիքի իւրա­քան­չիւր անդամի անունով շնորհաւորելով Պր. Վա­րուժ Ներ­կիզ­եանին՝ յուշամետալի տուուչութեան առիթով,  վարժարանի տնօրէն Պր. Կրէկուար Գալուստ խնդրեց, որ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը անձամբ յանձնէ յուշամետալը, շեշտելով, որ «Դուն իսկապէս արժանի ես այս պարգեւին, որ մեր ամենատաք զգացումներուն առհաւատչեան է»։

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ