Հինգշաբթի, 11 Յուլիս 2013 - Այլակերպութիւն, Պայծառակերպութիւն, Վարդավառ

Պէյրութ

Հայկական տօնացոյցին հինգ գլխաւոր տօները տաղաւար կը կոչուին: Անոնք են՝ Աստուածայայտնութիւն, Յարութիւն (Զատիկ), Պայծառակերպութիւն (Վարդավառ), Վերափոխում (Աստուածածնի), Սուրբ Խաչ (Խաչվերաց): Ամէն տաղաւար տօնի յաջորդ օրը ննջեցեալներու յիշատակումի օրն է՝ օր մեռելոց: Ննջեցեալին թաղման արարողութիւնը եւ ննջեցեալներուն համար  եղած աղօթքը, հոգեհանգիստն ու գերեզմանօրհնէքը վերջին դատաստանին եւ յարութեան յոյս կը ներշնջեն բոլորին: Մեռելոցի արարողութիւնը մէկ կողմէն մեռելներուն նկատմամբ երախտագիտական ու յարգանքի արարողութիւն է, որպէսզի անոնք չմոռցուին եւ յիշուին, եւ միւս կողմէն յարութեան յոյս կը պարգեւէ ողջերուն:
Այլակերպութեան տօնը ծագումով իր հնագոյն «վարդավառ» անուանումը պահած է եւ որ եղած է հայ ժողովրդական նախաքրիստոնէական տօն՝ նուիրուած Աստղիկ դիցուհիին, որ ջուրի, սիրոյ եւ գեղեցկութեան դիցուհին էր: Տօնը կապակցութիւն ունէր ջուրի պաշտամունքի ու պտղաբերութեան հետ: Դիցուհիին տօնին առիթով, ժողովուրդը իր մեհեանին (կուռքի սեղանին) կ'ընծայաբերէր վարդեր եւ ծաղիկներ: Ըստ աւանդութեան, Գրիգոր Լուսաւորիչ պայծառակերպութեան տօնը Վարդավառին կապելով, նպատակադրած է անոր տալ քրիստոնէական բովանդակութիւն:

Յիսուսի Այլակերպութիւնը (Մատթ 17, 1-13)

Յիսուս ինքզինք մարգարէութիւններով յայտնեց որպէս Մարդու Որդին՝ որ պիտի մատնուէր, չարչարուէր, խաչուէր եւ ետքը փառաւոր կերպով յարութիւն առնէր: Այս բաները լսելով, առաքեալները կը վրդովին: Յիսուս ուզելով փարատել անոնց վախը ու զիրենք քաջալերել, կ'ընտրէ առաքեալներէն, Պետրոսը, Յակոբն ու Յովհաննէսը, եւ անոնց հետ կ'առանձնանայ թափօր լերան վրայ, ուր կը պայծառակերպուի, զգեստները կը սպիտականան լոյսի նման, եւ ցոյց կու տայ իր Փառքը, հասկցնելով թէ Յիսուսի հաւատացեալը կանգ չ'առներ վաղանցիկ դէպքերուն առջեւ: Յիսուսի Քրիստոսի այլակերպութիւնը իբր նպատակ ունէր, օգնել առաքեալներուն հաստատ մնալու իրենց հաւտաքին մէջ երբ գար չարչարանքի, հոգեւարքի եւ խաչուելու Յիսուսի պահը. բայց անոնք չհասկցան որ այլակերպուելով Յիսուս կ'աւետէր որ ինք Յարութիւն պիտի առնէր: Հայր Աստուած, Որդւոյն պայծառակերպութեամբ ցոյց տուաւ մեզի Յիսուսի Փառքը, որ կը գերազանցէ չարչարանքը եւ խաչը: Սուրբ Եկեղեցին մեզի ցոյց կու տայ պայծառակերպութեան պատկերը Աւետարանին մէջ, որ խորհրդանիշն է Յարութեան եւ մեզ կը հրաւիրէ մօտենալու ապաշխարութեան Խորհուրդին՝ խոստովանանքին, որպէսզի մաքուր սրտով ընդունինք Յիսուս Քրիստոս, այլակերպուելով Իրեն նման: Պայծառակերպութիւնը մեզի կը յիշեցնէ թէ կարող ենք վերանորոգուիլ Քրիստոսով, եթէ ոտնակոխ ընենք մեր եսը, եւ այն բոլոր թերութիւնները, որոնք կը հեռացնեն մեզ Քրիստոսէն, եւ մշակել այն ինչ որ մեզ աւելի կը մտերմացնէ Յիսուսի հետ:

Տէր Կարապետ Քհն. Թադէոսեան


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ