Ուրբաթ, 4 Ապրիլ 2008 - Երիտասարդներ Իւրայատուկ Արարողութեամբ Փոխադրեցին Ուխտաւոր Խաչը

 

Պէյրութ, Լիբանան
 

 

2004 թուականին, Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ երիտասարդները հաւաքուեցան Զմմառու Վանք փայտէ Խաչի մը շուրջ որ պատրաստ էր առաքելութեան:
Այս տարի, երբ համայն աշխարհը կը պատրաստուի Սիտնէի Համաշխարհային Երիտասարդական օրերու մեծ հանդիպումին որ տեղի պիտի ունենայ 15էն-20 Յուլիս, Հայ երիտասարդութիւնը իր կարգին կը պատրաստուի այս մեծ դէպքին: Խաչը տեղափոխուցաւ Զմմառու Վանքէն դէպի Սրբոյ Կուսին Աւետման Եկեղեցի եւ անոր շուրջ կազմակերպուեցան երիտասարդական զանազան աղօթքի երեկոներ, երիտասարդներու կողմէ:
Երեքշաբթի՝ 18 Մարտ 2008ին երեկոյեան ժամը 8ին, Աւետման եկեղեցւոյ երիտասարդները նախաձեռնութեամբ Հայր Վարդան Վրդ. Գազանճեանի փոխադրեցին Խաչը ԱշրաՖիէի շրջանէն դէպի Պուրճ Համուտի քաղաքպետարանի հրապարակ՝ ուր Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Հայր Սարգին Վրդ. Դաւիթեան, օգնական ժողովրդապետին հետ կը սպասէր, շրջապատուած, երգչախումբով, սկաուտներով եւ ՀԿՄականներով ինչպէս նաեւ բարեսիրական եւ բարեսէր Տիկնանց միութիւններու անդամներով:
Խորհրդաւոր սպասումի պահէն ետք, թափօր կազմեցին մինչեւ Ս. Փրկիչ եկեղեցի եւ զանգի ղօղանջներով խաչը զետեղեցին խորանին կից:
Հայր Սարգիս  խօսք առնելով արժեւորեց խաչին իմաստը Քրիստոնիային կեանքին մէջ:
Այսօր Խաչը կը գտնուի Պուրճ Համուտ եւ կը պատրաստուի առաքելութեան յաջորդ հանգրուանին: 

 

 

 

   

 

 

 

          


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ