Չորեքշաբթի, 20 Ապրիլ 2011 - Ապրիլեան ոգեկոչման ձեռնարկ Հ. Կ. Մեսրոպեան վարժարանին մէջ

 

Պուրճ Համուտ

 

Երեքշաբթի, 19 Ապրիլ 2011-ի առաւօտեան ժամը 9։30-ին Մեսրոպեան վարժարանի առաջինէն մինչեւ աւարտական դասարաններու աշակերտութիւնը հա­ւաքուած էր վարժարանի շրջափակին մէջ, ոգեկոչելու ապրիլեան նա­­հա­տակ­ներու յիշատակը։

 

Լիբանանի եւ Հայաստանի պետական քայլերգներու ունկնդրութենէն յե­տոյ, ձեռ­նարկի բացման խօսքով հանդէս եկաւ աւարտական դասարանի աշակերտուհի՝ Ռուբինա Թովմասեան, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Հայոց Ցեղասպա­նու­թենէն 96 տարիներ ետք եկաւ անգամ մը եւս հաստատելու մեր ուխտը՝ յարգել մեր 1.5 միլիոն նահատակները, պահանջել մեր 1.5 միլիոն նահա­տակներու նարեան գինն ու արժանապատուութիւնը, վերադարձնել գրաւ­­ուած հողերը, Մուշը, Սասունն ու Վանը, եւ վերջապէս, կերտել ամբողջական հայրենիքը»։ Այնուհետեւ շարունակելով խօսքը, ան կոչ ուղղեց իր դասընկերներուն, ըսելով. «Պիտի շարունակենք երթը եւ դէմ յանդիման պիտի կանգնինք բոլոր տեսակի դժուարութիւններուն, քանի որ մենք մեր նահա­տակ­ներուն ժառանգորդներն ենք, եւ իրաւունք չունինք պահ մը իսկ կանգ առ­նելու։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը, իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ Հայ Դա­տի պայքարին մէջ ընելիք ունի, Հայ Դատի զինուոր է։ Ուրեմն, ժամանակն է միասնաբար սուգը վերածելու յաղթանակի, որ կը կերտուի հաւա­քա­կան ջանքերով եւ միասնակամ ճիգերով»։

Բացման խօսքին յաջորդեց վարժարանի մանկապարտէզի ուսուց­չու­հի, երգչուհի՝ Լիզա Սվաճեանի կատարումը։ Ան երգեց հայ­րե­նա­սիրական թեմայով զոյգ երգեր։

Այնուհետեւ հրաւիրուեցաւ օրուան պատգամախօսը, «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռի կայանի տնօրէն՝ պր. Աւօ Կիտանեանը, որ իր խօսքին մէջ յատկապէս կարեւորեց այն հանգամանքը, որ 96 տարիներ յետոյ ալ այս տեսակ հաւաքները կու գան փաստելու, որ մեր 1.5 միլիոն զոհերու յի­շտակը անմեռ է։ Եւ որ ցուցահանդէսին (վարժարանի շրջափակին մէջ բացուած էր 4-րդէն մինչեւ 8-րդ դասարաններու աշակերտութեան «Վերածնունդ, վերականգնում» խորագիրով նկարչական գործերու ցուցահանդէսը) ներկայացուած գործերը դուրս ելած են աւանդական սեւ-ճերմակի սահմաններէն, եւ արդէն գոյները կը խօսին այն մասին, որ Ապրիլ 24-ը սուգի օրէն վերածուած է վերածնունդի օրուայ մը։ Պր. Կիտանեան նաեւ անդ­րա­դարձաւ նորօրեայ սերունդներու կարեւորագոյն ընելիքներուն, որոնք յատ­կապէս պէտք են յաղթելու համար մէկ այլ՝ աւելի վտանգաւոր թշնամիի՝ ձու­լումի, լուծուելու վտանգին։ Նաեւ մեծարգոյ պատգամախօսը յորդորեց կա­րեւորութեամբ մօտենալ այն խնդիրին, որը պէտք է նաեւ վերածուի առօր­եայ կարեւոր սկզբունքի մը, որն է «ոչ» ըսել թրքական արտադրութիւննե­րուն, պարզապէս չգնելով ատոնք։

Նախկին մեսրոպեանցի, օրուան պատգամախօսի խօսքին յաջորդեց երրորդ դասարանցի խումբ մը աշակերտներու՝ Սելին Ղազարեանի, Նայիրի Եթերեանի, Սառա Թեքիրեանի, Սինթիա Կեմիճեանի, Սթեֆանի Գույումճեա­նի եւ Լիւսի Ֆըստըգճեանի «Ապրիլեան Նահատակ» ասմունքը, որմէ յետոյ միջնակարգ բաժինի աշակերտուհիներէն Նայիրա Պաղտասարեան կատարեց «Armenian Cause» երգը, այսպիսով եզրափակելով ձեռնարկը։

Ձեռնարկի աւարտին բոլոր աշակերտները ուշի-ուշով դիտեցին ցուցադրուած աշակերտական գործերը։

 

ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ

ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ