Չորեքշաբթի, 5 Դեկտեմբեր 2007 - Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ Պատգամը Միքայէլ Ուչառի Սարկաւագ Ձեռնադրութեան Ընթացքին

 

Հռոմ, Իտալիա

Գերյարգելի եւ Գերապատիւ վարդապետներ, Յարգոյապատիւ Սարկաւագներ
Յատուկէն՝ Յարգոյապատիւ Տէր Միքայէլ
Առաքինափայլ Քոյրեր, Արժանաւոր ժառանգաւորներ
Սիրեցեալ հաւատացեալներ
եւ պատուարժան Միքայէլ Ուչառի հարազատներ եւ բարեկամներ,

 
Հայ Եկեղեցին միշտ յարգած է եւ կարեւորութիւն ընծայած է Սարկաւագութեան Կարգին: Արդարեւ, մեր Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին ունի մնայուն սարկաւագներ, որոնք օգտակար ծառայութիւններ կը մատուցանեն ժողովրդապետութիւններուն մէջ:
Սարկաւագութեան Կարգը, որ քիչ առաջ փոխանցեցի եղբայր Միքայէլին, հին աւանդութիւն մըն է հաստատուած նոյնինքն Սուրբ Առաքեալներու կողմէ: Գործ Առաքելոց Գիրքը կը պատմէ թէ՝ երբ հաւատացեալներուն թիւը եւ անոնց կարիքները շատցան, առաքեալները ըսին. «Մեզի չի վայելեր Աստուծոյ խօսքը ձգել եւ սեղաններու ծառայութիւն ընել» (Զ. 2): Ասոր վրայ, եօթ սարկաւա•ներ ընտրեցին, որոնց առաջինը՝ Ստեփանոս, հետեւեցաւ իր Տիրոջ կեանքի զոհաբերութեան ուղիին եւ դարձաւ առաջին վկայ Քրիստոսի եւ Ս. Աւետարանին:
Սարկաւագներուն առաջին գործը եղաւ զբաղիլ այրիներով, օգնել աղքատներուն, եւ հասարակութեան ինչքերը մատակարարել: Յետագային, անոնց պաշտօնը դարձաւ Սուրբ Սեղանին առջեւ կենալ Եպիսկոպոսին կամ Քահանային քով եւ անոնց օգնել, ինչպէս նաեւ Սուրբ Աւետարանը երգել արարողութիւններուն ժամանակ: Արեւելեան Եկեղեցիներու Կանոնագիրը կը տրամադրէ որ, ժողովրդապետի խնդրանքին վրայ, Սարկաւագը կրնայ քարոզել: Կր տնօրինէ նմանապէս որ, հարկաւորութեան պարագային, Սարկաւագը մկրտութեան խորհուրդը կրնայ պաշտօնապէս մատակարարել: Կանոնագիրքը կը տնօրինէ նաեւ, երբ պահանջը ներկայանայ, որ Սարկաւագը բաշխէ Սուրբ Հաղորդութիւնը հաւատացեալներուն (կան. 610«3; 677«2; 709«1): Այս կարեւոր պաշտօններէն զատ, Սարկաւագը առաջին օգնականն է ժողովրդապետին հովուական բոլոր գործերուն մէջ, ըստ ժողովրդապետի ցուցմունքներուն:
Սարկաւագը պարտի ամէն օր ժամասացութեան աղօթքները կատարել եւ Յիսուսի մտերմութիւնը փնտռել , որպէսզի Աստուծոյ շնորհքը լիացնէ իր սիրտն ու հոգին, անձնական ու մարդկային հաշիւներէ հեռու մնայ եւ կատարէ ամէն բան Աստուծոյ կամքին համաձայն: Ան պարտի անընդհատ կերպով զարգանալ, որպէսզի կարողանայ ուղիղ վարդապետութիւնը ուսուցանել ու քրիստոնեայ ճշմարտութիւնները պաշտպանել թիւր գաղափարներու եւ տարածուած սխալ հոսանքներու դէմ:
Սուրբ Պօղոս մեծ կարեւորութիւն կ’ընծայէ Սարկաւագներուն եւ իրենցմէ կը պահանջէ որ ըլլան՝ «ծանրաբարոյ, առանց երկդիմի խօսքերու, ո՛չ գինեսէր, ո՛չ ալ անպարկեշտ շահեր փնտռող եւ մաքուր խղճով պահեն հաւատքի խորհուրդը» (Ա. Տիմ. Գ. 8,9): Ըստ մեծ աստուածաբանի՝ Սուրբ Ներսէս Լամբրոնացիի, «Սարկաւագը վարդապետ է, այսինքն ուսուցիչ է եւ դաստիարակ ժողովուրդին» (Մեկն. Պատ.):
 
Մեծ Հայրապետը՝ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի կը վկայէ որ Սարկաւագի  «Կարգը մարդոցմէ չէ եւ ոչ ալ մարդու միջոցաւ» (Թուղթ Ընդհ.), այլ Աստուծմէ է: Արդարեւ, ձեռնադրութեան արարողութեան ընթացքին, քահանաները իրենց աջը դնելով նուիրեալին ուսին վրայ, եւ անկէ ետք ձեռնադրիչ Հայրապետը՝ անոր գլխուն վրայ, կը հնչեն նշանակալից այս աղօթքը՝ «Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհ», մատնանշելով որ տրուած Կարգը երկնաւոր շնորհք մըն է եւ ոչ մարդկային գործ: Սուրբ Իգնատիոս Անտիոքացի կ՛ըսէ. «յարգեցէք սարկաւագները ինչպէս Աստուծոյ օրէնքը կը յարգէք»:
Սարկաւագին ներկայութիւնը կը ճոխացնէ հովուական աշխատանքը, որ է՝ զբաղիլ խորանի սպասարկութեամբ, դաստիարակել պատանիները, պատրաստել զոյգերը ամուսնութեան խորհուրդին ուրիշ ատակ անձերու հետ միասին, հոգեւոր վարչութիւն կատարել զանազան միութիւններու, յատկապէս՝ այցելել այրիներուն եւ աղքատներուն, հոգալ հիւանդները, առաջնորդել աղօթքի խմբաւորումները եւ այլ ծառայութիւններ մատուցանել ըստ պահանջին: Այլ խօսքով, Սարկաւագը պարտի ըլլալ իսկական առաքեալ մը ժողովրդապետութեան մէջ՝ օրինակելի վարկով, վայելուչ խօսակցութեամբ եւ բարի գործերով:
Տէր Միքայէլ պոլսահայ երիտասարդ մըն է: Երեսուն տարեկանին ան լսեց Աստուծոյ ձայնը, որ իր կեանքը բոլորովին յեղաշրջեց: Քրիստոսի հետեւելու համար քահանայական կոչման մէջ, Միքայէլ ընտրեց հրաժարիլ յաջող ու շահաբեր գործէն եւ հետեւիլ հաւատքի ու ապաշխարութեան ուղիին Neocatecumenale շարժումին մէջ: Փիլիսոփայութիւն եւ աստուածաբանութիւն սորվելու համար, ինչպէս նաեւ ընծայարան մտնելու, Միքայէլ ձգեց իր ընտանիքն ու միջավայրը եւ Իտալիա եկաւ, զոհելով գնահատուած ընկերային դիրքը եւ բարձր նիւթական վարձատրութիւնը, երկիր ու կեանք փոխեց եւ ենթարկուեցաւ հասարակական կեանքի խիստ կարգապահութեան: Հայ համայնքին ծառայելու նպատակաւ, Միքայէլ սկսաւ հայերէն յատուկ դասընթացքի հետեւիլ՝  ա,բ,գ սորվելով:
 
Կարելի է ըսել որ Յիսուս զինք յափշտակեց եւ ան չդիմադրեց, այլ՝ իր կամքը դրաւ ամբողջովին Աստուծոյ տրամադրութեան տակ: Միքայէլ հաւատքի ներգործութիւն մ’ըրաւ, օրինակ առնելով Սուրբ Կոյս Մարիամէն եւ կրկնելով. Ես Տիրոջ ծառան եմ, թող ամէն բան ըլլայ ինծի Իր խօսքին համաձայն (տես Ղկ. 1,38): Եւ ինչպէս «Եղիցի» խօսքէն ետք Մարիամ Յիսուս հղացաւ, նոյնպէս Յիսուս ծնաւ Միքայէլի սրտին մէջ եւ պտղաբերեց նոր մարդ մը, նոր Միքայէլ մը:
Տէր Միքայէ՛լ, թո՛ղ Սուրբ Հոգին սիրտդ, հոգիդ եւ իմացականութիւնդ լիացնէ իր եօթնարփեան շնորհքներովը եւ քեզ դարձնէ անխոնջ վկայ Քրիստոսի, Սուրբ Ստեփանոս առաջին Սարկաւագի նման ու հասնիս օր մը երանաւէտ պսակին: Ապահով եղի՛ր, որ քու կոչմանդ շնորհքը պիտի ճառագայթէ ընտանիքիդ եւ հասարակութեանդ վրայ: Մտահոգութեանդ գլխաւոր առարկայ թո՛ղ ըլլայ քահանայական կոչումներուն հովուական գործը, որովհետեւ մեր Եկեղեցիին գոյատեւումը եւ մեր աշխարհասփիւռ ժողովուրդին հովուական հոգատարութիւնը կախեալ են մեր կղերի քանակէն եւ որակէն: Ինչ որ քեզի կ՛ըսեմ, զայն կը կրկնեմ նաեւ բոլոր ներկաներուն եւ համայն քրիստոնեայ հասարակութեան:
Թո՛ղ պայծառանայ Քրիստոսի Եկեղեցին. թո՛ղ բարգաւաճի Հայ Կաթողիկէ Համայնքը՝ Պոլիս, Միջին Արեւելք եւ Արեւմուտք: Թո՛ղ Հռոմի գալ Սիւնհոդոսին նիւթը, որ Աստուծոյ Խօսքին նուիրուած է, մեզ աւելի քաջալերէ կարդալու, խոկալու եւ աղօթելու Ս. Գիրքով, կրկնելով սաղմոսերգուի իմաստուն բառերը. «Քու խօսքդ իմ ոտքերուս ճրագ է եւ իմ շաւիղներուս՝ լոյս» (Սղ. 119,105): Թո՛ղ մեր տուները եւ ընծայարանները դառնան փառաբանութեան վայրեր եւ աղօթքի կեդրոններ, ուր Աստուծոյ Խօսքը պատուաւոր տեղ կը գրաւէ: Թո՛ղ Neocatecumenale հասարակութեան մէջ ծաղկին նորանոր կոչումներ, նաեւ հայ Եկեղեցւոյ ի նպաստ: Թո՛ղ բազմաթիւ ձեռնադրութիւններով ճոխանայ մեր Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին. Ամէն:


 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ