Ուրբաթ, 20 Փետրուար 2009 - Վարդանանց Տօնակատարութիւն Հռոմի Մէջ

Հռոմ, Իտալիա

Հինգշաբթի 19 Փետրուար 2009-ին, Հռոմի Ս. Նիկողայոս հայոց եկեղեցւոյ մէջ, մեծ թիւով հայերու եւ իտալացի բարեկամներու ներկայութեամբ նշուեցաւ Վարդանանց Զօրավարաց տօնը:

Կէսօրէ ետք ժամը 6:00-ին, տեղի ունեցաւ ժամերգութիւն Լեւոնեան Հայ Դպրեվանքի եւ Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու երգչախումբը, որոնք կատարեցին Շնորհալիի Նորահրաշը Վարդանանց նահատակներուն նուիրուած:
 
Ժամը 6:30-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգը յոտնկայս ունկնդրելէ ետք, բացման խօսք արտասանեցին Հռոմահայ գաղութէն տիկ. Սիլվի Իփլիքճեան Ատամօ (հայերէն) եւ տիկ. Նուարթ Գրիգորեան Մէրքատանթի( իտալերէն):

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօսը Լեւոնեան Հայ Դպրեվանքի տեսուչ՝  գեր. հայր Թովմաս վրդ. Կարապետեան, որ նախ Հայերէնով եւ ապա Իտալերէնով խօսեցաւ Սրբոց Վարդանանց նահատակութեան եւ խորհուրդին մասին Աւարայրի Ճակատամարտի պատմական իրադարձութեան եւ անկէ բխած պատմական դասերուն: «Ինչպէս 451-ին նոյնպէս ալ այսօր օրինակ պէտք է ըլլայ մեզմէ իւրաքանչիւրին այսինքնն պարտինք Ազգն հայոց ու հաւատքը  Քրիստոսի արեան գնով պաշտպանել միշտ» ըւաւ պատգամաբեր հայրը:

Ներկաներուն համար պատրաստուած էր գեղարուեստական ճոխ յայտագիր: Տինան Գաբրիէլեան դաշնամուրի վրայ եւ Արգինէ Ստեփանեսան ջութակի վրայ ներկաներուն հրամցուցին Կոմիտասի «Կռունկ»ը եւ Ե. Պաղտասարեանի «նօքթիւրն»ը, իսկ «Քիրիէլէյսըն» նուագեցին Տիանա Կարապետեան դաշնամուրի վրայ եւ Վերոնիքա Քիսանիշվիլի սրինգով:

Լիլիթ Սարատեան ասմունքեց Պարոյր Սեւակի «Քիչ ենք բայց Հայ ենք» բանաստեղծութիւնը խլելով ներկաներուն ծափահարութիւնը:

Լեւոնեան Հայ Դպրեվանքի եւ Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու միացեալ եր•չախումբը կատարեցին Պլպուլն Աւարայրի, Ազնիւ Ընկեր եւ Բամբ Որոտան եր•երը:
Վարդանանց եւ Ղեւոնդեանց խորհուրդը երէկ եւ այսօր ներկայացուցին(հայերէն եւ իտալերէն) տիկ. Կարինէ Մկրտչեան եւ տիկ. Րիթա Իպրահիմի Թալլարինի: «Տիկնայք Փափկասուն Հայոց Աշխարհի» ասմոինքեցին Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու միաբանութենէն քոյր Թէրէզա Սար•իսեան Քրիսթին Իսաաք եւ Թէրմինէ Յարութիւնեան: 
Հանդիսութեան աւարտին « Հուսկ Բանք»ը արտասանեց •երյ. հայր Յովսէփ Ծ.վրդ. Քելէկեան, որմէ ետք ներկաները հրաւիրուեցան դպրեվանքի դահլիճը, ուր պատրաստուած էր ճոխ հիւրասիրութիւն տինկնանց յանձնախումբին կողմէ:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ