Հինգշաբթի, 26 Փետրուար 2009 - Հ.Կ.Մ.Պատանեկան Աշրաֆիէ Մասնաճիւղի Տարեկան Հանդէս

Լիբանան

 
Հովանաւորութեամբ Տանն Կիլկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն. եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ
 
նախագահութեամբ պետական երեսփոխան մեթր Սերժ Թուրսարգիսեանի, Շաբաթ 21 Փետրուար 2009-ին, տեղի ունցաւ Հ.Կ.Մ.Պատանեկան Աշրաֆիէ մասնաճիւղի տարեկան հանդէսը «Արարտեան» սրահին մէջ:
Սովորութեան համաձայն երեկոն սկսաւ ժամերգութեամբ, որմէ ետք ներկաները ուղուեցան Հ.Կ.Մ.-ի Արարատեան սրահ ընբոշխնելու համար իրենց զաւակներուն աշխատանքը: Լիբանանի, Հայաստանի եւ Հ.Կ.Մ.-ական  քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, յայտագիրը սկսաւ Հոգեւոր թատերգութեամբ, որ կը կրէր «The Wonderful World» խորագիրը (որու animation-նը պատրաստած էր պրն. Նարեկ Գալէնտէրեանը): Այս թատերգութեան ընդմէջէն պատանիները շեշտեցին այն միտքը թէ կռիւն ու ատելութիւնը գոյութիւն ունէր մարդկային պատմութեան սկիզբէն, օրինակ բերելով Կայէնը, որ սպաննեց իր եղբայրը Աբէլը: Աշխարհը մարդուն տունն եւ է կարելի չէ այս ընթացքով շարունակել, բայց ո՞վ պիտի փոխէ անոր ընթացքը եթէ ոչ խաղաղութեան առաքեալ բարի երիտասարդը, որ այս պարագային Հ.Կ.Մ.-ական պատանին եւ երիտասարդն է:
Թատերգութեան աւարտին խօսք առաւ  միութեան հոգեւոր վարիչ՝ հայր Վարդան Վրդ. Գազանճեանը: Ան հակիրճ ձեով  ըսաւ « ճիշդ է որ չարը սկիզբէն գոյութիւն ունի, սակայն կարելի է այդ մէկը փոխել վստահելով խաղաղութեան առաքեալ  բարի երիտասարդի ջանքերուն, ուրեմն ձգտինք բարիին ու լաւին ետին ձգելով գէշն ու վատը»:
 
Ջահակիրները հանդէս եկան ներկայացնելով Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ՝ Յովհաննէս Թումանեանի «Անխելք Մարդը»: Ջահակիրներու սքէչին
 
յաջորդեց պատանիներու երգախառն թատերգութիւնը ( musical ): Անոնք ներկայացուցին երիտասարդ զոյգ մը, որոնք աղքատութեան պատճառով միշտ կը վիճէին եւ հակառակ տղուն բարեկամնեու ջանքերուն զանոնք միացնելու եւ հաշտեցնոլու, աղջիկը իրեն նուիրուած ադամանդը աւելի վեր կը դասէ իր սիրած տղու սրտէն: 
Ապա երիտասարդները ներկայացուցին յատուկ թատերգութիւն մը նուիրուած բոլոր ճամբորդած Հ.Կ.Մ.-ական ընկերնեուն: Ճիշդ է որ անոնք դուրս են երկրէն սակայն միշտ մեր սրտին մէջն են:
Թատերգութենէն ետք խօսք  առաւ ընդհանուր հրամանատար Հ.Կ.Մ. Պատանեկան Աշրաֆիէի ընկ. Մհեր Գալէնտէրեան, շեշտելով կամաւոր աշխատանքին կարեւորութիւնը, ըսելով թէ այս օրերուն քիչ է թիւը անոնց որոնք կը ծառայեն, կը զոհուին, սակայն ցաւալին այն է որ միշտ կը մնան քուլիսներու ետին եւ չեն յիշուիր եւ անոնց աշխատանքը չի քաջալերուիր: Ան խօսքը ուղեց նաեւ բոլոր Հ.Կ.Մ. Պատանեկանի բարին ցանկացողներուն՝ ըլլան անոնք ծնողքներ, եղբայրներ, քոյրեր, բարեկամներ, բարերարներ, վարդապետներ կամ մայրապետ քոյրեր, որովհետու անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր յատուկ ձեւով կը քաջալերէ Հ.Կ.Մ. Պատանեկանը եւ անոնց պատասխանատուներու տարած նուիրեալ աշխատանքը:
 
Հրամանատարի խօսքէն ետք ընդհանուր խումբը « Քելէ - Քելէ » երգով ներկայացուց պար մը, որ խլեց ներկաներուն բուռն ծափահարութիւնները:
 

Իւրաքանչիւր թատերգութենէն ետք, ներկաները դիտեցին վաւերագրական տեսաերիզ մը, որ կը ներկայացնէր Հ.Կ.Մ. Պատանեկան Աշրաֆիէի 2008 տարեշրջանի գործունէութիւնը, որոնց մասին մանրամասնօրէն անդրադարձած է «Մասիս» ամսաթերթը իր նախորդ թիւերուն մէջ:
Հանդէսը վերջ գտաւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ փակման խօսքով: Ան գնահատեց պատանիներուն եւ անոնց պատասխանատուներուն տարած աշխատանք, շեշտելով թէ իւրաքանչիւրս ունինք թաքնուած ձիրքեր եւ պէտք է յայտնաբերենք զանոնք եւ ուրիշին լուսապատճէն չըլլանք: Խօսքը շարունակեց ըսելով թէ ինք հաւատք ունի թէ պատանիներն ու երիտասարդները համայնքին ապագան են եւ իրենց գործերով պատիւ կը բերեն համայնքին: Ամեն. Հոգեւոր Տէրը աւելցուց թէ պատանիները իրենց փոքր տարիքին եւ իրենց կարողութեան սահմաններուն մէջ կրնան աշխատիլ ի շահ համայնքի վերելքին ու բարգաւաճման:
Հանդէսը փակուեցաւ Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տիրոջ պահպանիչով:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ