Չորեքշաբթի, 29 Յունիս 2011 - Երեւանի մէջ Սփիւռքի լրագրողներու համար համալսարանական դասընթացքին մեր մասնակցութիւն

 

Երեւան

 

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնը եւ Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան բաժինը Երեւանի մէջ, կը կազմակերպեն սփիւռքի լրագրողներու համար համալսարանական դասընթացք:

 

Մեր Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողմէն կը մասնակցին երկու հոգի՝ Հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեան Աւետիք պաշտօնաթերթի գործակիցը եւ պարոն Համբի Էլմաճեան կայքէջի պատասխանատու քարտուղարը: Ստորեւ կու տանք բացման հաղորդագրութիւնը:

 

Երկուշաբթի 27 Յունիս 2011ին, մեծ շուքով կատարուեցաւ բացումը Սփիւռքի երիտասարդ լրագրողներու դասընթացքին, կազմակերպութեամբ Հ.Հ. սփիւռքի նախարարութեան եւ Երեւանի Պետական Համալսարանի լրագրութեան բաժնին: Այս դասընթացքը պիտի երկարի մինչեւ Յուլիս 15, որուն ընթացքին սփիւռքահայ լրագրողները պիտի հետեւին համալսարանական լուրջ դասապահերու: Յիշելու ենք թէ մասնակցողները ժամանած են տարբեր երկիրներէ` Ռուսաստան, Էսդօնիա, Պարսկաստան, Եգիպտոս, Հօլլանտա, Հնդկաստան, Վրաստան, Սուրիա, ինչպէս նաեւ Լիբանան: Բացման արարողութեան երկայ էին նաեւ համալսարանին լրագրութեան բաժնին աշակերտները:

 

Առաւօտեան ժամը 10ին, բացման արարողութիւնը սկսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերքով, որուն յաջորդեց Հ.Հ. սփիւռքի նախարարին` Տիկին Հրանոյշ Յակոբեանի խօսքը, որ մեծ ջերմութեամբ ողջունեց սփիւռքահայ լրագրողները: Ան յիշեց թէ սփիւռք եւ Հայաստան նախանձախնդիր գտնուեցան իրականացնելու այս հրաշալի ծրագիրը: Տկն. Յակոբեան նշեց նպատակները որոնց համար կազմակերպուած էր այս դասընթացքը, որոնցմէ են` ծանօթանալ Երեւանի Պետական Համալսարանի

 լրագրութեան բաժնին, ստանալ լրատուական գիտելիքներ, հանդիպիլ Հայաստանի տարբեր լրատուամիջոցներու խմբագիրներու, եւ որոշ ներդրում մը ունենալ Հայաստանի մէջ հրատարակուող թերթերուն մէջ: Ան աւելցուց ըսելով թէ այսօր լրագրութիւնը միայն տեղեկատուութիւն մը չէ, այլ` մշակոյթ, լեզու, հայապահպանում եւ ինքնութիւն: Այսօրուան լրագրողէն պահանջուած է պայքար մղել ապադարձելու համար թրքական եւ ազրպեճանական

 լուրերը: Սփիւռքահայ լրագրողէն խնդրուած է իր ներդրումով հզօրացնել Հայաստանը: Ան իր խօսքին աւարտին յաջողութիւն մաղթեց բոլոր մասնակցողներուն:

 

Տկն. Յակոբեանին յաջորդեց Երեւանի Պետական Համալսարանի ռեկտոր` Պրն. Արամ Սիմոնեանը, որ իր խօսքին մէջ շեշտեց այս դէպքին մեծ կարեւորութեան, եւ վստահեցուց թէ համալսարանը պատրաստ է  մտածելու այս դասընթացքին շարունակականութեան մասին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակցողներուն որոնք թողելով իրենց երկիրները եկան Հայաստան ուսանելու:

 

Պրն. Սիմոնեանին  խօսքէն ետք ԵՊՀ երգչախումբը ներկայացուց մի քանի երգեր, որոնցմէ ետք ԵՊՀ. դեկան` Պրն Նաւաշ Մարտիրոսեան նշեց թէ այս օրը պատմական օր մըն է, որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով ծնունդ կ՛առնէ այսպիսի դասընթացք  մը: Պրն. Մարտիրոսեանին խօսքէն ետք ԵՊՀ երգչախումբը եւ երկու երիտասարդ երգիչներ ներկայացուցին կարգ մը հայաշունչ երգեր, որոնք խանդավարեցին բոլոր ներկաները: Բացման արարողութեան աւարտին վկայականներու բաշխումը կատարուեցաւ համալսարանին լրագրութեան բաժնին աւարտական աշակերտներուն, որոնք ստացան իրենց վկայականները սփիւռքահայ երիտասարդ լրագրողներու ձեռքէն:

 

Այս պատմական արարողութենէն ետք, ներկաները համախմբուեցան ճաշի սեղանին շուրջ, որուն ընթացքին անոնք  աւելի մօտէն ծանօթացան իրարու, եւ որմէ ետք, դասընթացքները պաշտօնապէս ընթացք առին:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ