Պէյրութ
Ուրբաթ, 12 Ապրիլ 2013, առաւօտեան ժամը 10-ին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ընդունեց գերաշնորհ Նարեկ եպիսկոպոս Ալեյէմեզեանը եւ Պր. Խաչիկ Տէտէեանը, որոնք Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ փոխանցեցին ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառին նամակը առընչուած հայոց ցեղասպանութեան 98-րդ տարելիցին: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման ընդառաջ նախապատրաստական աշխատանքներուն կապակցութեամբ: