Չորեքշաբթի, 14 Դեկտեմբեր 2011 - Ամանորի Եւ սուրբ Ծնունդի Ցուցահանդէս - Վաճառք Լիբանանի մէջ


Զալքա, Լիբանան

Հովանաւորութեամբ Հայ կաթողիկէ «Սուրբ Խաչ» եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան, նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Սէմ Րագուպեանի, Շուշի - ընկերակցութեան նորակազմ խումբը անցեալ շաբաթ, 10 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին կայացուց իր անդրանիկ ձեռնարկը` Ամանորի եւ սուրբ Ծննդեան նուիրուած ցուցահանդէս - վաճառքով:
Այս առիթով յատուկ Հայաստանէն հրաւիրուած արուեստագէտ Արմէն Բարսեղեանի գործերը իբրեւ հայկականութեամբ օծուն ապակեղէններ, Նոր տարուան զարդեր, գաւաթներ եւ այլ իրեր, յատուկ ուշադրութեան արժանացան:
Ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Շահէ Տէր Յարութիւնեան, Մարաշի հայրենակցական միութիւնը, Կարս-Արա Գուրճաքեանը, Կարինէ Զոպեանը, Յարութ Տեմիրճեանը, Հենրին, Զմմառու վանքի գինեգործարանը, Քարիթասը, Քատմուս փրոճեքթը, Թալին Մխսեանը, Թալին Հանեշեանը, ՀայՖուտը, Թրէյտ փլասը, Զուս ուետինկը:
Ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց եւ բացման խօսքը արտասանեց Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց այս առիթով Շուշի-ի հրաւէրին ընդառաջած հայրենի արուեստագէտ Արմէն Բարսեղեանին, ինչպէս նաեւ միւս մասնակիցներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց վստահութեամբ թիկունք կանգնեցան այս ծրագիրին:
Տեմիրճեան հաստատեց, որ ՇուՇի-ն հայութեան ժառանգութեան պահապանն է, անոր պատկանելիութիւնը հայկական է, պատրաստ է գործակցելու ազգային գաղափարին շուրջ համախմբուողներուն հետ: Ըստ անոր, այս խումբը պիտի ըլլայ դէպի արմատներ առաջնորդող, նորութիւններ բերելով հանդերձ պահպանէ հայկական արժէքներն ու ժառանգութիւնը:
Ապա խօսք առաւ «Սուրբ Խաչ» եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեան, որ ուրախութիւն արտայայտեց հայադրոշմ եւ հայաբոյր այս ցուցահանդէսին առիթով` հաստատելով, որ քաջալերական է տեսնել հայ արուեստին ու մշակոյթին կառչածութիւնը: Ան դիտել տուաւ, որ սրբազան գործ է հայկական արժէքները պահպանելն ու անոնց կառչիլը, որովհետեւ միայն այդպէս կարելի է հայը հայ պահել:
Հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեան նշեց, որ հայկականութեամբ լեցուն զարդերով լիբանանահայութեան տուները եւս հայկական ոգիով պիտի լեցուին: Ան իր խօսքը եզրափակեց հաստատելով, որ Հայ կաթողիկէ «Սուրբ Խաչ» եկեղեցւոյ ժողովրդապետութիւնը նեցուկ պիտի կանգնի նման բնոյթի նախաձեռնութիւններուն` կոչ ուղղելով միշտ պահել հոգեւոր, ազգային ու մշակութային արժէքները:
Ապա Շուշի խումբին կողմէ վստահութեան երաշխիք հանդիսացող յուշանուէրներ յանձնուեցան Նարեկ վրդ. Լուիսեանի եւ տէր եւ տիկին Սէմ Րագուպեաններուն:
Հայկական զարդերու, ուտելիքներու եւ այլ իրերու ցուցահանդէս-վաճառքը շարունակուեցաւ մինչեւ երեքշաբթի, 13 դեկտեմբեր 2011։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ