Շաբաթ, 29 Մարտ 2008 - Աւագ Շաբթուայ Արարողութիւնները Պոլսոյ Մէջ

Պոլիս, Թուրքիա
 

 
Այս տարի Աւագ Շաբթուայ արարողութիւնները եւ տօնակատարութիւնները յատուկ հանդիսութեամբ կատարուեացան Պոլսոյ զանազան Հայ Կաթողիկէ եկեղեցիներուն մէջ:

Ծաղկազարդի օրը, Ս. Պատարագը եւ հոգեպարար արարողութիւնները տեղի ունեցան Ս. Յովհան Ոսկերբերան եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ Արհի. Յովհաննէս Արք. Չոլաքեանի եւ Արհի. Գէորգ Արք, Խազումեանի:

Ոտնլուայի, Յիսուսի չարչարանաց եւ թաղման կարգերը տեղի ունեցան Մխիթարեան հայրերուն եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Արհի. Գէորգ Արք. Խազումեանի:

Մինչ խաւարման կարգը կատարուեցաւ Ս. Յովհան Ոսկերբերան եկեղեցւոյ մէջ, երեկոյեան եւ գիշերային ժաներգութիւններու ատեն, հանդիսապետութեամբ Արհի. Գէորգ Արք. Խազումեանի եւ մասնակցութեամբ Հայր Յակոբոս Չոփսաթեանի եւ Գերյ. Լեւոն Ծ.Վ. Զէքիեանի:

 
Ս. Զատիկի տօնախմբութիւնը տարբեր գոյն առաւ այս տարի: Յիսուսի Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան տօնին առթիւ հանդիսաւար Ս. Պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց Գերյ. Լեւոն
 
Ծ.Վ. Զէքիեան, իր քահանայական ձեռնադրութեան քառասուն ամեակին առ ի յիշատակ. Աագըզաղաճի աթոռանիստ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Ներկայ էին Արհի. Յովհաննէս Չոլաքեան եւ Գէորգ Խազումեան Արքեպիսկոպոսները, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:

Ս. Պատարագին աւարտին, եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ կատարուեցան տօնի օրհնութիւնները եի շնորհաւորութիււնները:
     
Օր մեռելոցին՝ մինչ Շիշլիի գերեզմանատան մէջ տեղի կ՛ունենար ննջեցելոց համար Ս. Պատարագ եւ գերեզմանօրհնէք, Կալաթիոյ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, Արհի. Գէորգ Խազումեան գոհաբանական Ս. Պատարագ կը մատուցանէր սոյն եկեղեցւոյ վերաբացման առթիւ, վերջերս անոր մէջ կատարուած նորոգութիւններէն ետք:

Այս առթիւ, հանդիսապետ Արհի. Յովհաննէս Արք. Չոլաքեան օրուայ Պատգամը փոխանցեց ներկաներուն, երախտիքի եւ շնորհակալութեան խօսքեր եւ մաղթանքներ ուղղելով եկեղեցւոյ համայն բարերարներուն. ապա տեղի ունեցաւ ուխտի օրուայ աւանդական թափօրը, ձեռամբարձ ունենալով Ս. Աստուածածնայ հրաշագործ մեծ նկարը, զոր յատուկ խնամքով եւ յարգանքով զետեղուած է եկեղեցւոյ կողմնակի խորաններէն մէկուն վերեւ: 

 

 

 

 

 

 

 

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ