Հինգշաբթի, 1 Օգոստոս 2013 - Ե.Հ. Օրերը՝ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ուժականութեան փայլուն մէկ ապացոյցը


Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրերը, որոնք տեղի ունեցան Ռիօ Տը Ժանեյրոյի մէջ, 22-28 Յուլիսին եւ պրազիլիական մայրաքաղաքին մէջ համախմբեցին շուրջ երեք միլիոն առաւելաբար երիտասարդներ, առիթ մը հանդիսացան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին համար՝ իր արտասանած ճառերուն եւ կատարած յորդորներուն րնդմէջէն ցոյց տալու  այն ճանապարհը՝ զոր Եկեղեցին պէտք է որդեգրէ վերանորոգուելու եւ «երիտասարդանալու» համար, ինչպէս ըսաւ Վատիկանի մամուլի գրասենեակի տնօրէնը՝ Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի։

Սուրբ Աթոռի բանբերը հաւաստիացուց որ Պապին այս ուղեւորութիւնը կատարեալ յաջողութեամբ պսակուեցաւ եւ անոր նպատակները իրագործուեցան։
Արդարեւ, թէեւ երիտասարդական էր երեք միլիոն բազմութիւն համախմբող այս հաւաքը, սակայն  անոր նպատակները «երիտասարդական»ի սահմանէն շատ աւելի անդին կ՚երթային։  Եթէ անոր առաջին նպատակներէն մէկը  Օրերուն իբրեւ աշակերտներ մասնակցող երեք միլիոն  երիտասարդ ուխտաւորները  իբրեւ առաքեալներ մկրտելով աշխարհի բոլոր կողմերը ուղարկել էր, Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրերը միաժամանակ հանդիսացան  կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ուժականութեան ու կենսունակութեան փայլուն մէկ ապացոյցը։ «Եկեղեցւոյ ճշմարիտ գարուն մըն էր զոր նկարագրելու համար խօսքերը կը պակսին» պիտի ըսէր արեւելեան Եկեղեցիներու ներկայացուցիչ մը։

Եկեղեցւոյ վերանոգումին եւ  վերաերիտասարդացումին համար Սրբազան Քահանայապետին կողմէ ցոյց տրուած ճանապարհը միայն երիտասարդութեան հասցէագրուած չէր, այլ համայն կաթողիկէ Եկեղեցւոյ։

Սրբազան Քահանայապետին ցուցաբերած հաղորդականութիւնը, մօտիկութիւնը  հասարակութեան, բաժնեկցութիւնը անոր ակնկալութիւններուն ու ապրումներուն, պարզութիւնն ու համեստութիւնը մեծապէս նպաստեցին Օրերու յաջողութեամբ պսակումին։  Շնորհիւ իր խօսքի ու վերաբերումի հմայքին, Ռիոյի Գոբաքապանայի ծովափը  ուխտավայրի վերածող երեք միլիոն երիտասարդները զգացուցին իրենց յանձնառութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապի հայրական յորդորներուն՝ դառնալ քարոզիչներ, առաքեալներ, յանձնառու պատասխանատուներ, չվախնալ, ապստամբելու քաջութիւնը ցուցաբերել,  յաղթահարել կեանքի դժուարութիւնները, չկանգնիլ ընկերութեան լուսանցքին վրայ, դառնալ անոր գործունեայ մասնակիցը եւ գործել ընկերութեան միւս բաղադրիչներուն հետ։ Այս պատգամներուն ունկնդիր երեք միլոն երիտասարդները իրենք զիրենք հռչակեցին «Ֆրանչիսկոս Պապին սերունդը»։ Թէեւ ունկնդիրները երիտասարդներ էին, սակայն Պապին խօսքը ուղղուած էր բոլորին, բոլոր սերունդներու եւ ընկերութեան բոլո՛ր խաւերու  ներկայացուցիչներուն։ Պապին խօսքերն ու շարժումները անտարբեր չէին կրնար ձգել երբ անոնք կը վերաբերէին մանաւանդ աղքատներուն, թիթեղաւաններու բնակիչներուն, ապրելու համար ճամբաներէն քարթոններ եւ թափօններ հաւաքող անգործներուն, ընկերային արդարութեան, կեանքի  դժուարութիւններուն դիմաց ընկրկած երիտասարդներուն։

Ռիոյի մէջ, մէկ շաբթուան ընթացքին Պապին արտասանած 16 ճառերը  միաժամանակ հրաւէր մըն էին Եկեղեցւոյ ամէն աստիճանի սպասաւորներուն, քահանաներուն ու եպիսկոպոսներուն՝ իրենց գրասենեակներէն դուրս գալու, իջնելու փողոց, աղմուկ յարուցանելու, երթալու դէպի ժողովուրդը, աւետարանելու իրենց կենդանի վկայութեամբ։  Այդ ճառերը Եկեղեցւոյ ժամանակակից առաքելութիւնը, յեղափոխակա՛ն առաքելութիւնը ցոյց տուող յորդորներ էին։

Յաջորդ «Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրերը», որոնք տեղի պիտի ունենան 2016-ին Գրագովիայի մէջ, Լեհաստան, այն հողին վրայ ուր ծնած է Ե. Հ. Օրերուն հիմնադիրը՝  Յովհաննէս Պօղոս Բ. Երջանկայիշատակ Քահանայապետը,, որուն սրբադասումը կատարուած պիտի ըլլայ մինչ այդ, ֆրանչիսկոս Պապին համար հաւանաբար առիթ մը պիտի ըլլայ անցնող երկու տարիներու ստուգատեսը կատարելու եւ գնահատականներ տալու։

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

 


 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ