Երկուշաբթի, 31 Մայիս 2010 - Զմմառու Ուխտի օր


Զմմառ, Լիբանան

 

Զմմառու
Ուխտի օրը՝ Կիրակի, 30 Մայիս 2010-ին, Հայ կաթողիկէ  ժողովրդապետներուն շուրջ համախմբուած հաւատացեալ ժողովուրդը, փութացած էր Զմմառու հնադարեան մայրավանքը գոհաբանական աղօթքներով հայցելու բարեխօսութիւնը Սրբ. Կոյս  Աստուածածնայ։


Արարողութիւնը  սկսաւ առաւօտեան ժամը 10.00-ին Աստուածածնայ թափօրով։ Բարեպաշտ ժողովուրդը, Աստուածածնայ ուսամբարձ արձանի ետին խիտ շարքերով, աղօթքներ ու շարականներ երգելով, Զմմառու մայր ճամբէն ուղղուեցաւ մայրավանքին հրապարակը, մասնակցելու Հայրապետական Համապատարագին զոր առաւօտեան ժամը 10.30-ին մատուցանեց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, մասակցութեամբ լիբանանաբնակ եկեղեցական դասին, թեմական Զմմառեան ու Մխիթարեան հայրերուն եւ բոլոր ժողովրդապետներուն համապատարագով։ Պատարագի երգեցողութիւնը կը կատարէր «Արծիւեան» եւ «Կիլիկիա» երգչախումբերը՝ խմբավարութեամբ Պրն. Մանուէլ Քէշիշեանի։

 


Յընթացս
Սրբ. պատարագին տուած պատգամին մէջ՝ Ամեն. Հոգեւոր Տէրը վեր առաւ ուխտագնացութեան նշանակութիւնը քրիստոնեայ մարդու կեանքին մէջ։ Ապա նաեւ անդրադարձաւ քահանայական տարւոյն մասին, եւ խնդրեց աղօթք քահանայական կոչումներուն համար։


Կէսօրէ
ետք ժամը 3.30-ին մասնակցութեամբ երիտասարդներուն եւ ժողովուրդին տեղի ունեցաւ Սրբ. Վարդարանի աղօթքն ու Լիթանիան, որուն ընթացքին երեք վարդապետներ իրենց կեանքի վկայութիւնը տուին եւ խօսեցան կոչումի մասին։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ