Շաբաթ, 1 Սեպտեմբեր 2007 - Հրաժեշտ Հայր Բարսեղ Վրդ. Պաղտասարեանին Դամասկոսէն

 

Դամասկոս, Սուրիա

 
Կիրակի՝ 19 Օգոստոս 2007 ի երեկոյեան, Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ միութեան խորհուրդի, Տիկնանց վարչութեան, Պատանեկան խորհուրդի ու Երիտասարդականի անդամները, ինչպէս նաեւ մտերիմներ ու բարեկամներ, հաւաքուած էին Հ.Կ. Փարոս վարժարանի բակը, հրաժեշտ տալու համայնքիս ժողովրդապետին ու միութեանս հոգեւոր վարիչ՝ Հայր Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեանին որ իր առաքելութիւնը կ՝աւարտէր Դամասկոսի մէջ՝  մեկնելու Զմմառ որպէս միաբանութեան նորընտիր վարչութեան անդամ: Վարդապետին 5 տարիներու ծառայութիւնը Դամասկոսի մէջ եղան բարեբեր ու արդիւնաւէտ: Ան գրաւեց բոլորին սրտերը ու շահեցաւ համայնքի զաւակներուն ու նամանաւանդ Հ.Կ.Մ.ականներուն սէրն ու համակրանքը: Վարդապետը իր գործօն մասնակցութիւնը բերաւ Հ.Կ.Մ.ի խորհուրդի ժողովներուն ու իր միտքերով ու առաջարկութիւններով հարստացուց միութեան գործունէութիւնը:

Ահա այս միտքերով  էր որ հանդիպման բացման խօսքը կատարեց Միութեան Ատենապետ Պրն. Սարգիս Քէշիշեանը: Պրն. Սարգիս հաստատեց այն իրողութիւնը թէ Հայր Բարսեղին մեկնումը ցաւ կը պատճառէ Հ.Կ.Մ.ի ընտանիքին, սակայն միեւնոյն ժամանակ  ուրախ ենք որ վարդապետին աշխատանքը ու ներկայութիւնը մեր մէջ եղաւ  արդիւնաւէտ ու մենք չունեցանք տարակարծութիւններ այլ միշտ գործակցութեան մթնոլորտին մէջ անցան մեր աշխատանքները ըսաւ ան: Ապա ան հրաւիրեց միութեան երիցագոյն անդամ Պրն. Արամ Գայայեանը որ վարդապետին յանձնեց յուշանուէր մը միութեան անունով, ինչպէս նաեւ Տիկնանց վարչութիւնն ալ այս առթիւ յանձնեց նուէր մը : Վարդապետը իր սրտի խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր Հ.Կ.Մ.ականներուն, անգամ մը եւս յայտնելով իր սէրն ու համակրանքը բոլորին: Արհի. Յովսէփ Եպս. Առնաութեան այս առթիւ տուաւ իր խօսքը որուն մէջ  կոչ ուղղեց համայնքի զաւակներուն աղօթել կոչումներու համար ու ջանք թափել Դամասկոսէն ունենալու համար վարդապետներ՝ որոնք   մնայուն կերպով ծառայեն համայնքին ու խնայուի ժողովուրդին բաժանման այս պահերը: Այստեղ տեղին է նշել թէ ամբողջ հանդիպման ընթացքին  համակարգչային պատրաստութեամբ սահիկներու ցուցադրութիւն  մը կը սփռուէր, ուր բազմաթիւ նկարներով կ՝ամփոփուէր վարդապետին մասնակցութիւնը Հ.Կ.Մ.ի կողքին զանազան ձեռնարկներու ու գործունէութիւններու, անցնող 5 տարիներու ընթացքին: Գերապայծառ տէրը, վարդապետն ու Հ.Կ.Մ.ի պատասխանատուները միասնաբար հատեցին կարկանդակ մը որու վրայ նշուած էր «Վարձքերնիդ կատար Հայր Բարսեղ, միշտ պիտի յիշենք ձեզ», ապա կոկիկ հիւրասիրութեան ընթացքին ներկաները առիթ ունենցան հրաժեշտի խօսքեր փոխանակելու վարդապետին հետ ու մաղթել իրեն յաջող ու Աստուածայաճոյ նոր առաքելութիւն Զմմառու Տիրամօր հովանիին ներքեւ  ու յուսալ որ նոր ժողովրդապետին հետ Դամասկոսի Հ.Կ.Մ.ը կ՝ունենայ նոյնքան եւ աւելի լաւ գործակցութիւն ու աշխատանք ի սպաս Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ծաղկումին:

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ