Երեքշաբթի, 15 Ապրիլ 2014 - Նուր Ալ Շարք (نور الشرق) արբանեակային կայանի Հայ Կաթ. Պատրիարքութեան ծրագիրը

 

Պէյրութ

 

Օրհնութեամբ Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին, Հայ կաթողիկէ հաղորդամիջոցներու ընտանիքը այսու կը տեղեկացնէ, որ այս տարուան յունիս 8-ին սկիզբ պիտի առնէ «Թելելիւմիէր Նուրսաթ» հաստատութեան նորաստեղծ Նուր Ալ Շարք (نور الشرق) արբանեակային կայանը, եւ այդ կայանէն պիտի սկսի սփռուիլ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան պատկերասփիւռի յայտագիրը «Լոյս Զուարթ» վերնագրով:

 

Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ այս յայտագիրը, որ 2 ժամ տեւողութեամբ յայտագիր մըն է, պիտի ունենայ իր հոգեւոր, ազգային, մշակութային, ընկերային եւ կրթական բաժինի կողքին լուրերու բաժին, որուն ընթացքին պիտի ներկայացուին հայ կաթողիկէ հասարակութիւններուն եւ կառոյցներուն նորութիւններն ու լուրերը:

 

Ձեր գործունէութիններուն մասին լայն հանրութիւնը իրազեկ դարձնելու նպատակով, կը խնդրենք, որ

 

1.     Ձեր ձեռնարկներուն մասին կարելի եղածին չափ շուտ գրաւոր կամ բերանացի տեղեկատուութիւն հաղորդել պատրիարքութեան տեղեկատուական գրասենեակին.

      հեռաձայն` 01 570 555/6/7/9, ֆաքս 01 570 558

      email հասցէ` [email protected] :

2.     Ուղարկել հաղորդուած նորութիւններուն մասին լուսանկարներ եւ վիտէօ նիւթեր: Այս նիւթերը կարելի է ուղարկել CD-ի վրայ՝ «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոն եւ կամ ուղարկել [email protected] հասցէին:

 

Այսպէս, գրաւոր եւ տեսողական նիւթերու համադրումներով յայտագրի լրատուական բաժինով կարելի կ'ըլլայ ներկայացնել ձեր ձեռնարկներուն մասին տեղեկատուութիւնը` հաղորդումներուն ընթացքին, որոնք հասու պիտի ըլլան բազմաթիւ երկիրներու ձեր հաւատացեալներուն ու հանդիսատեսներուն եւ խանդավառութիւն պիտի բերեն անոնց:

 

 

Պէյրութ, 15 ապրիլ 2014

 

Գործակցութեան ընդառաջ`

Հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ