Կիրակի, 16 Դեկտեմբեր 2012 - Մամլոյ ասուլիս՝ Ուրբաթագիրքի 500 ամեակի նուիրուած ցուցահանդէսին առթիւ Զմմառու մէջ

Զմմառ

Շաբաթ 15 դեկտեմբեր 2012, առաւօտեան ժամը 11:30-ին, Զմմառու վանքին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը Ուրբաթագիրքի 500 ամեակի նուիրուած ցուցահանդէսին եւ անոր հետ առընչուած ցուցակին հրատարակութեան առիթով: Ասուլիսին լուսարձակի տակ առնուեցան վանքի մշակութային նորաստեղծ կեդրոնը, Մաշտոցի անուան Մատենադարանի եւ Զմմառու Մատենադարանի միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրը եւ Միաբանութեան նոր կայքէջին ներկայուցումն ու կարեւորութիւնը:

Այս հանդիպման առաջին զեկոյցը կատարեց հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով վանքի մեծաւոր գերյ. հայր Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ.- «Բարի գալուստ կը մաղթեմ բոլորին: Զմմառու վանքը դարերու պատմութիւն ու մշակոյթ ունի, կը հանդիսանայ աշխարհիս հայ մշակոյթի հինգերորդ կեդրոնը իր ձեռագիրներով: Իսկ պատմականօրէն Լիբանանի մէջ արմատ նետած առաջին հայ հաստատութիւնն է:  Անոր յարկին տակ կը պահպանուին 2000 ձեռագրեր և հայ հնատիպ գիրքեր,  որոնց թիւը  335-էն բարձրացաւ 900-ի:
Մեր սրբալոյս Կաթողիկոսներն ու միաբան վարդապետները մեղուաջան աշխատանք թափած են զանոնք Վանքի յարկին տակ պահպանելու և մշակոյթի այս գանձերը փրկելու, որպէս անբաժան մաս այս վանական համալիրին:
Ժամանակի արհաւիրքները սպառնացին մեր այս հայ մշակութային արժէքներուն, որոնք արտացոլացումն են Հայոց փառաւոր անցեալի ոգիին ու նկարագրին: Սակայն Զմմառու միաբանները անոնց պաշտպան կանգնեցան, ի գին իրենց արեան:  
Նշենք նաեւ թէ Ուրբաթագիրքին 500 ամեակը լաւագոյն առիթը հանդիսացաւ ընդունելու երկու մեծանուն հիւրեր, որոնք կը նկատենք Աստուծոյ օրհնութիւնը մեր վանքին վրայ:
Նախ՝ Բենեդիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին այցելութիւնը անցեալ սեպտեմբերին, ապա ՀՀ Նախագահ Պրն. Սերժ Սարգսեանի պատմական այցը անցեալ նոյեմբերին:
Այսօրուան մեր մամլոյ ասուլիսին նպատակն է  հաղորդամիջոցներուն ներկայացնել Զմմառու մայրավանքին  մշակութային նորութիւնները, ինչպէս Ուրբաթագիրքի 500 ամեակին առթիւ Ցուցահանդէսը, Յակոբ մեղապարտի արձանին օրհնութիւնը, եւ ցուցահանդէսին հետ առընչուած պատկերազարդ ցուցակը»:
Ան եզրափակեց յատուկ շնորհակալութեան խօսք մը ուղղելով բոլոր լրատուամիջոցներուն եւ լրագրողներուն, որոնք ընդառաջեցին եւ մասնակցեցան այսօրուայ այս կարեւոր ձեռնարկին: Նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք պիտի հրատարակեն սոյն ասուլիսը:

Ապա Զմմառու վանքին ընդհանուր քարտուղար եւ մշակութային կեդրոնի տնօրէն հայր Մովսէս վրդ. Տօնանեան զեկուցեց հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով.- «Զմմառու վանքի մշակութային կեդրոնը այսօր իր մէջ կ'ամփոփէ մատենադարան, գրադարան եւ թանգարան: Բազմաբնոյթ սրահներ՝ Ձեռագիրներու, Հնատիպ եւ ժամանակակից գիրքերու, ընթերցասրահ եւ թանգարանային զանազան արժէքաւոր նմուշներու ցուցափեղկեր, Քարտէսներու բաժին, հին լուսանկաներու բաժին, որոնց մասին  յետագային պիտի կազմակերպենք ցուցահանդէսներ, գիտաժողովներ, համերգներ եւ հրապարակային այլ ձեռնարկներ:
Մշակոյթի այս նոր Կեդրոնը կ'ունենայ Մշակութային օժանդակ մարմին մը, կազմուած միաբան վարդապետներէ եւ աշխարահականներէ, ինչպէս նաեւ քարտուղարութիւն մը:
Այս մարմինը ծրագիրներ պիտի մշակէ եւ համագործակցի հայ թէ օտար աշխարհի համանման հիմնարկներու հետ, եւ այսպէս՝ պիտի սատարէ հայ մշակոյթի տարածման և զարգացման:
Այս ուղղութեամբ՝ համաձայնութիւն կնքուեցաւ Հայաստանի  Մաշտոցեան Մատենադարանի Ձեռագրատան բաժնի տնօրէնին հետ, յատկապէս որպէսզի
Զմմառու ցուցակագրուած, բայց չնկարագրուած բոլոր ձեռագիրները կանոնաւորապէս նկարագրուին և ամբողջական նոր Ցուցակով հրատարակուին:
Մատենադարանի Հնատիպ գիրքերու նոր ցուցակը պատրաստելու, աշխատանքը արդէն սկսած է, անոր պիտի յաջորդէ գիրքերու թուայնացումը, քանի որ ձեռագիրներունը արդէն եղած է:  
Մատենադարանիս ձեռագիրներու նորոգութեան համար հաստատուած է յատուկ աշխատանոց մը, ուր արդէն նորոգուեցան շարք մը Ձեռագիրներ:
Կը ծրագրուի Զմմառու Թանգարանին արուեստի ու պատմութեան վերաբերող արժէքաւոր իրերուն մասին եւս մանրամասն ցուցակ-ալբոմ մըն պատրաստել:
Աշխատանք կը տարուի նաեւ Մատենադարանին Քարտէսներու հաւաքածոն պատշաճօրէն հանրութեան ներկայացնելու: Սկսած ենք մշակել եւ խմբաւորել ըստ նիւթին Վանքի լուսանկարներու բաւական ճոխ արխիւը:
Մշակուած են արդէն թէ՛ Անտոնեան Միաբանութեան և թէ՛ Զմմառու Միաբանութեան Դիւանական նիւթերը՝ շուրջ 350 տուփ: 
Վերոյիշեալ իւրաքանչիւր բաժին կ'ունենայ պատասխանատու մարմին՝ Միաբանութեան Ընդհանուր Փոխանորդի եւ Վարչական Խորհուրդի տնօրինումով»:

Ապա ցուցահանդէսին կազմակերպութեան մասին զեկուցեց արաբերէնով Օր. Օտիլ Խուրի, որ մասնակցած է սոյն ձեռնարկին նախապատրաստական աշխատանքներուն: Ան այս առթիւ ներկայացուց հրատարակուած ցուցակը, որուն մէջ անդրադարձաւ Զմմառու վանքի ձեռագիրներուն և հնատիպ գիրքերուն մասին:

Աւարտին խօսք առաւ «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնի տնօրէն հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան եւվանքին նոր կայքէջին մասին:  Ան մանրամասն ներկայացուց կայքէջի բաժանումները, որոնք սկզբնական շրջանին միայն հայերէնով պիտի ըլլան, ապա լոյս տեսնեն արաբերէն և անգլերէն լեզուներով: Կայքէջին հասցէն է՝ «www.bzommarvank.com», որուն մօտ օրէն պիտի աւելնան երկու ուրիշ հասցէներ՝ «bzommar.org» եւ «bzommarvank.org»: Հետեւեալ կայքէջին մէջ կարելի պիտի ըլլայ գտնել աղօթքներ, վանքի լուրեր, թանգարանի եւ մշակութային կեդրոնի հետ առնչուած նիւթեր:

 


 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ