Պէյրութ
21 Մայիս 2011, Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետը հայր Միքայէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան անուանեց առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի սուրբ Գրիգոր Նարեկացի հայ կաթողիկէ թեմին շնորհելով անոր Եպիսկոպոսութեան աստիճանը:
Հայր Միքայէլ Թ.Ծ. Վ. Մուրատեանի կենսագրական գիծերը
Ծնած է Պէյրութ՝ 1961-ին Յուլիս 5-ին, ծնողքը՝ Սարգիս եւ Թերեզ Մուրատեան:
Նախնական ուսումը ստացած է Զահլէի Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու դպրոցը: 1973-ին աշակերտած է Զմմառու Պատրիարքական միաբանութեան նորընծայարանին, ուր ստացած է միջնակարգի ու երկրորդական կրթութիւնը:
1981-1986 Մեծաւորներուն կողմէ ուղարկուած է Հռոմ՝ Լեւոնեան վարժարան եւ Տոմինիկեան հայրերու քահանայապետական համալսարանէն ստացած Է փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան վկայականները:
1986-1987 Ֆրանսա՝ Լիոն քաղաքի “Institut Catholique” կաճառին մէջ հետեւած է երիտասարդներու հովուականի մասնագիտական դասընթացքներու:
24 հոկտեմբեր 1987-ին Փարիզի մէջ կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է ՝ որպէս անդամ Զմմառու Պատրիարքական միաբանութեան, ձեռամբ Արհի. Գրիգոր եպս. Ղապրոյեանի:
Հայր Միքայէլ Մուրատեան ստանձնած է հետեւեալ պաշտօնները. 1987-էն 1988 Լիբանան՝ փոխ տեսուչ Զմմառւ ընծայարանին: 1988-էն 1989 Սուրիա՝ փոխ տեսուչ Հալէպի դպրեվանքին:1989-էն 1990 Սուրիա՝ ժողովրդապետ Դամասկոսի Թագուհի Տիեզերաց եկեղեցւոյ:
1991-ին Լիբանան՝ փոխ ժողովրդապետ Զալքայի սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ:
1992-էն 2001 Հայաստան՝ ժողովրդապետ զանազան գիւղերու, Շիրակի եւ Լոռիի մարզերուն մէջ:
1995-էն 2001 ընդհանուր քարտուղար եւ գործադիր տնօրէն Հայաստանի «Գարիթաս» բարեսիրական կազմակերպութեան:
2000-ի հոկտեմբերին Հայաստանի հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան Մ. Նալպանտեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանէն կը ստանայ «Պատուաւոր Փրոֆեսորի» կոչումը:
2001-էն 2004 Լիբանան՝ ժողովրդապետ Աշրաֆիէի սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ, հոգեւոր հայր Զմմառի ընծայարանին, եւ հոգեւոր վարիչ պատրիարքական թեմի երիտասարդաց յանձնախումբին: Նոյն տարիներուն եղած է նաեւ հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի «Աւետիք» պաշտօնաթերթի խմբագրական կազմին անդամ:
Յունուար 2005-էն Օգոստոս 2007, եղած է Մեծաւոր Հռոմի քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանին, եւ Վատիկանի մէջ, հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պատրիարքական գործակալ սուրբ Աթոռին մօտ:
Սեպտեմբեր 2007-էն Մայիս 2011 եղած է պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Զմմառու Պատրաիրքական միաբանութեան եւ մեծաւոր Զմմառու մայրավանքին: