Ուրբաթ, 8 Ապրիլ 2011 - Հայաստանի Հայորդեաց կառոյցի Նորքի մասնաճիւղի երգչախումբը կ՛այցելէ Զմմառու վանք

 

Զմմառ

 

Հինգշաբթի, 7 ապրիլ 2011, կէրսօրէ ետք ժամը 3-ին, Զմմառու վանք այցելեց սուրբ Էջմիածնի (Հայաստան) Հայորդեաց կառոյցի Նորքի մասնաճիւղի երգչախումբը, որ այժմ Լիբանան կը գտնուի Հայ Բարեգործական միութեան (ՀԵԸ) 80-ամեակի համերգին առիթով։ Պատուիրակութիւնը 42 պատանիներէ կը գլխաւորէր տեսուչ տնօրէն հոգեշնորհ Կոմիտաս վրդ. Յովհաննէսեան։

 

Երգչախումբը նախ այցելեց Զմմառու վանքին եկեղեցին, ուր միաձայն երգեցին «Հայր Մեր» եւ «Սուրբ Աստուած» շարականները, ապա անցան վանքին թանգարանը, մատենադարանը եւ գինեմարանը։

 

Այցելութեան աւարտին, հոգեշնորհ հայր Կոմիտաս արձանագրեց հետեւեալ խօսքը վանքին յուշամատեանին մէջ. «Զմմառ միջնադարեան հայ ոգի եւ հոգի, ուր ծուատեալ հաւատակից եղբայրներ երազելիօրէն կը պահեն այն, ինչ աւանդուած է իրենց։ Աստուած թող պահէ ողջ լիբանանահայութեան եւ անոր հոգեւոր արժէքները։ Սրա կարեւոր մէկ մաս է կը պահպանուի այս գեղատեսիլ վանքի մէջ, ուր բնութեան եւ հոգեւոր արժէքներ միացուլուած են։ Տէ՛ր պահէ այն, ինչ արարած են, քո իսկ սպասաւորք»։

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ