Հինգշաբթի, 8 Նոյեմբեր 2012 - Մեսրոպեան վարժարանի մէջ երիտասարդութեան յատուկ Դանիոյ ֆիլմարուեստի ցուցադրութիւն


Պուրճ Համմուտ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի մէջ Դանիոյ դեսպանատան, 29 Հոկտեմբերէն 16 Նոյեմբեր տեղի կ՚ունենայ երիտասարդութեան յատուկ Դանիոյ ֆիլմարուեստի ցուցադրութիւնը, որ կ՚իրականացուի Լիբանանի եօթը շրջաններու մէջ:
Այս շրջագիծին մէջ, Դանիոյ դեսպանատան ընտրած եօթը շրջաններէն մէկն էր Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանը, ուր Դանիոյ ֆիլմարուեստի ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ այսօր, առաւօտեան ժամը 9-ին, ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Դանիոյ դեսպան Ժան Թոփ Քրիսթէնսընի եւ դեսպանատան քաղաքական ու մշակութային կցորդ Մարիա Լինտհարթի:
Ցուցադրութենէն առաջ, դեսպանը հանդիպում մը ունեցաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն.Կրէկուար Գալուստին հետ: Հանդիպումին քննութեան առարկայ դարձան Լիբանանն ու հայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր: Պրն. Գալուստ ներկայացուց հայ ժողովուրդի պատմութիւնն ու պահանջատիրութիւնը, ինչպէս նաեւ Մեսրոպեան վարժարանի պատմութիւնն ու նոր ծրագիրները:
Մեսրոպեանի տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպանին, Լիբանանի եօթը կեդրոննէրն Մեսրոպեանը ընտրելուն առիթով, եւ յոյս յայտնեց, որ գործակցութիւնը այլ բնագաւառներու մէջ կը շարունակուի: Իր կարգին, դեսպան Ժան Թոփ Քրիսթէնսըն մեծապէս գնահատեց Մեսրոպեան վարժարանի գործունէութիւնը, կառոյցն ու աշխուժութիւնը: Ան հաստատեց, որ Պուրճ Համուտը իր պարզութեամբ գեղեցիկ եւ տպաւորիչ շրջան մըն է:
Ապա դեսպանն ու տնօրէնը աշակերտներուն հետ դիտեցին «Պատերազմ եւ սիսեռներ» ֆիլմը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ զրոյց-քննարկում: Աշակերտները հարցումներուն ընդմէջէն մօտէն ծանօթացան ֆիլմին եւ տեղեկութիւններ ստացան Դանիոյ մասին: Աւարտին, պրն. Կրէկուար Գալուստ յայտնեց, թէ Դանիոյ դեսպանատան այս նախաձեռնութիւնը կը միտի մարդկութեան քարոզել խաղաղութիւն եւ եղբայրութիւն, որովհետեւ առանց գործակցութեան կարելի չէ գոյատեւել:
Ցուցադրութենէն ետք, դեսպան Ժան Թոփ Քրիսթէնսըն «Երեւակայական պատմութիւններ եւ առասպելներ» գիրքը նուիրեց վարժարանին եւ շրջագայեցաւ վարժարանին մէջ, մօտէն ծանօթանալով մանկամսուրին, մանկապարտէզին եւ արհեստից վարժարանին: Յայտնենք, որ առաջինէն չորրորդ դասարաններու աշակերտները դիտեցին «Պատերազմ եւ սիսեռներ» ֆիլմը, մինչ հինգերորդէն ութերորդ դասարաններու աշակերտներուն ցուցադրուեցաւ «Տղան, որ ուզեց դառնալ արջ մը» ֆիլմը:

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ