Շաբաթ, 23 Մայիս 2009 - Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանի Աւարտական Դասարաններու Վկայականաց Բաշխում

Լիբանան

 
Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի աւարտական դասարաններու վկայականաց բաշխումը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 15 Մայիս 2009-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, վարժարանի հանդիսասրահին մէջ:

Հանդիսութեան ներկայ էին պատրիարքական թեմի փոխանորդ՝ Վարդան եպս. Աշգարեան, քոյր Թէոպիստէ Պետրոսեան՝ Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան փոխ մեծաւորուհի, գերապահիւ հայրեր, առաքինազարդ քոյրեր, ուսուցիչներ, ծնողներ եւ բարեկամներու հոծ բազմութիւն մը:

Իւրաքանչիւր սկիզբ ունի նաեւ իր աւարտը, այսպէս ալ վարժարանիս աւարտական դասարաններու 34 սան-սանուհիները յատուկ հանդիսութեամբ եկան դպրոցական իրենց օրերու էջը դարձնելու, իրենց իւրայատուկ ոճով, որ այս պարագային կը ներկայացուի յուզումներով ու գնահատումներով, որոնք ապրեր ու հիւսեր էին Հռիփսիմեանց կամարներուն ներքեւ լրիւ 15 դպրոցական տարեշրջաններ, այժմ անոնք իրենց ետին ձգելով մանկական ու պատանեկան ջերմ յիշատակներ, իրենց տենչերուն եւ ձգտումներուն ի տես, կը նային դէպի նոր հորիզոններ:

Անոնք բեմ բարձրացան դպրոցական համազգեստէն դուրս այլ համազգեստներով ու գլխարկով մը, սակայն՝ դպրոցական համազգեստին պարտադրած կարգապահութեամբ եւ ոգիով:

Քայլերգներու երգեցողութենէն եւ բարի գալստեան երկլեզու խօսքերէն ետք, անոնք հերթաբար հանդէս եկան ուղերձներով, որոնք արտասանուեցան հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներով, ու ընդհանրապէս գնահատեցին ու արժեւորեցին իրենց ստացած խնամատարութիւնն ու հոգատարութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ ուսման անսպառ կրթական ծրագիրներու հետապնդումը. խօսքերը մերթ ընդ մերթ երանգ ստացան ասմունքներով եւ պարերով, ապա ընկալեալ սովորութեան համաձայն, իրենց կարգին յատուկ յանձնարարութեամբ, քրիստոնէական հաւատքով եւ միշտ հայ մնալու թելադրականով մը, դպրոցին վահանը յանձնեցին այժմու 11-րդ դասարանի աշակերտներուն:

Ներկայացումներու աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ վարժարանի տնօրէնուհի քոյր Արմինէ Մակարոսեանը, որ իր խօսքին մէջ վեր առաւ ծնողներու դաստիարակութեան արժէքները եւ ներկայ սերունդէն ակնկալութիւնները, խօսքը կու տանք ամբողջութեամբ.

Արհիապատիւ գերապայծառ հայր Վարդան Աշգարեան

Գերապատիւ վարդապետներ,

Առաքինափայլ քոյր Թէոպիստէ Պետրոսեան՝ ընդհանուր փոխ. մեծաւորուհի Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան,

Առաքինազարդ քոյրեր,

Յարգելի ուսուցիչներ, ծնողներ եւ բարեկամներ,

Այս երեկոյ, այս խանդավառ, ուրախ մթնոլորտին մէջ, մենք կը գտնուինք

87-ամեայ սրբ. Հռիփսիմեանց վարժարանիս բազմարդիւն հունձքին դէմ յանդիման: Հպարտ ենք ամէնքս դաստիարակի եւ ծնողքի արդար հպարտութեամբ՝ ի տես մեր 34 երիտասարդ, երիտասարդուհիներուն, որոնց վեց ճակատները այժմ պիտի պսակուին 15-ամեայ կրթական-ուսումնական տարիներու յաղթութեան արժանավայել դափնիով:

Սիրելի՛ շրջանաւարտներ, 15 տարիներ առաջ, առանջորդութեամբ ձեր ծնողներուն, դողդոջ քայլերով, արցունքոտ աչքերով մուտք գործեցիք այս վարժարանի յարկերէն ներս. այսօր, ձեզմէ շատերուն խոստովանութեամբ, դուրս կու գաք կրկին արցունքոտ աչքերով, սակայն այսօրուան արցունքի կաթիլները այլ իմաստ ունին, անոնք թէպետ զգացական, բայց գիտակից շիթեր են, որոնք կ’արտայայտեն ձեր կեանքի գեղեցկագոյն ժամանակաշրջանի՝ մանկապատանեկան դպրոցական յիշատակներն ու ապրումները, անոնք պիտի մնան անջինջ, որովհետեւ հոս է, որ դուք կազմաւորուեցաք՝ ստանալով հայեցի դաստիարակութիւն, եւ որպէս պարարտ հող՝ ձեր սերմերը պիտի արդիւնաւորուին ձեր կեանքի յառաջիկայ քայլերուն մէջ:

Սիրելի՛ շրջանաւարտներ,

Այսօր այս բեմին վրայ կանգնած, որպէս գիտակից պարման-պարմանուհիներ, կը դարձնէք ձեր կեանքի առաջին հանգրուանը՝ դպրոցական օրերու էջերը, եւ ձեր նպատակասլաց հայեացքները կ’ուղղէք դէպի նոր հորիզոն բացուող կեանքի երկրորդ հանգրուանը, ուր պիտի քալէք հաստատ եւ ինքնավստահ քայլերով, որ վայել է հռիփսիմեանցականի մը, դուք պիտի գիտնաք արդարացնել եւ արժեցնել ձեր ստացած հոգեւոր եւ մտաւոր բոլոր գիտելիքները. քաջաբար եւ հայու խիզախութեամբ դիմակալէք ձեր կեանքի բոլոր հանգրուաններու դժուարութիւնները եւ զանոնք արիաբար պիտի շրջանցէք ձեր քրիստոնէական հաւատքով. այս առաջադրանքներով պարտաւոր էք ճամբայ ելլելու:

Անցնող ապրիլ ամսուան ընթացքին, որպէս ուխտաւորներ, դուք գացիք Տէր Զօր եւ Մարկատէ, ձեր ձեռքերով շօշափեցիք այն հողը, ուր մեր մէկուկէս միլիոն նահատակները իրենց արիւնը թափեցին, հակառակ որ տասնեակ տարիներ անցած են, հողը մեզի համար կը մնայ թաց ու արիւնաթաթախ: Դուք ձեզի հետ բերիք անոնց մասունքներէն, որոնք ձեր կրտսեր դասընկեր-դասընկերուհիներու հետ երկիւղածութեամբ զետեղեցիք վարժարանի պուրակին մէջ, անոնք մնայուն վկաները պիտի ըլլան Եփրատի ափին ձեր կատարած ուխտին եւ այսօր այդ սուրբ մասունքները ձեզի կը կտակեն ըսելով.

   Վա՜յ այն վայրկեանին, որ տկարանաք ձեր քրիստոնէական հաւատքին մէջ:
   Վա՜յ այն վայրկեանին, որ թուլանաք ձեր ազգային պահանջատիրութեան մէջ:
   Վա՜յ այն վայրկեանին, որ շեղիք մեսրոպաշունչ լեզուէն, մշակոյթէն ու աւանդներէն:
   Վա՜յ այն վայրկեանին, որ սայթաքիք բարոյական սկզբունքներէ:

Միշտ յիշեցէք մեր նահատակներուն կտակը եւ անոնց աչքը թող ըլլայ ձեզի հովանի:

Սիրելի՛ ծնողներ,

Անկասկած որ այսօրուան ձեր հրճուանքը սահմաններէն անդին կ’անցնի, դիտելով ձեր հասակ նետած զաւակը, որ ձեր տքնաջան աշխատանքներուն հունձքն է:

Այո՛, սա առաջին հանգրուանն է, տակաւին ճամբայ կայ կտրելիք, այսօր մեր կեանքի պայմանները փոխուած են, հայ ծնողքին բեռը աւելիով ծանրացած է, սակայն՝ պատիւ մեր հայ ծնողներուն, որոնք իրենց հայու ամրակուռ նկարագրին շնորհիւ գիտեն քաջաբար յաղթահարել փշոտ դժուարութիւնները. մեր մաղթանքն է, որ ձեր զաւակները պատիւ բերեն ձեզի,- այնպէս՝ ինչպէս դուք պատիւ բերիք ձեր ծնողաց:

Այս առիթով, սիրելի՛ ծնողներ, կը շնորհաւորենք բոլորդ եւ մէյ մէկ համբոյր կը դրոշմենք ձեր քրտնաթոր, բայց պայծառ ճակատներուն, որ յանձնառու գիտակցութեամբ եւ հայավայել ըմբռնումներով ձեր զաւակները հայ պահելու համար ոչինչ կը խնայէք:

Վարձքերնիդ կատար:

Շնորհակալութեան խօսքս կ’ուղղեմ գործակից միաբանակից քոյրերուս, որոնք արթուն պահակներու նման հետեւեցան կրթական այս տարեշրջանի բոլոր գործունէութիւններուն, ինչպէս նաեւ երախտագիտական զգացումներս կը յայտնեմ վարժարանիս Ծնողական վարչութեան, տիկնաց յանձնախումբին, նախկին սանուհեաց կազմերուն եւ մեր բարերարներուն, որոնք բարոյապէս եւ նիւթապէս նեցուկ կը կանգնին վարժարանիս եւ սատար՝ անոր վերելքին:

Գնահատանքի ամենաջերմ խօսքս կ’ուղղեմ ուսուցչական կազմերուն, պաշտօնէութեան, որոնք տիւ եւ գիշեր, իրենց կարողութիւնները առաւելագոյնս ի գործ դրած, ոչինչ կը խնայեն մեր զաւակներուն դաստիարակութեան եւ վարժարանիս յառաջդիմութեան համար:

Յատուկ շնորհակալութիւն՝ այս գեղեցիկ հանդէսին պատասխանատու յանձնախումբին իւրաքանչիւր անդամին:

Սիրելի՛ շրջանաւարտներ,

Յիրաւի դպրոցական վերջին զանգն է արդէն, ինչպէս դուք անջինջ յիշատակներով կը մեկնիք, մենք ալ մեր կարգին ձեզմէ քաղցր յուշեր կը պահենք:

Դո՛ւք ձեր բոյնը հոս՝ Հռիփսիմեանցի մէջ հիւսեցիք. գացէք արագիլի նման, բայց գիտցէք բարի արագիլի նման կրկին վերադառնալ ձեր բոյնը, Հռիփսիմեանցը ձեր սրտին մէջ եւ դուք Հռիփսիմեանցի սրտին մէջ:

   Թող Աստուած օրհնէ ձեր ճանապարհը:
   Բարի եւ յաջող երթ ձեր բոլորին:

Հանդիսութեան աւարտին սան-սանուհիները ստացան տարիներու իրենց երաշխիքը եղող վկայականները, որմէ ետք տնօրէնութիւնը յատուկ յուշանուէրներով պատուեց հինգ շրջանաւարտներ՝ Գէորգ Ազնաւուր, Մուշեղ Պզտիկեան, Ռիթա Վարդապետեան, Հրակ Եանիքեան եւ Հրակ Յակոբեան, որոնք երկրորդական դասարաններու մէջ շարունակած էին իրենց ուսման արդիւնաբերութիւնը, ապա ներկաները արժանացան Վարդան եպս. Աշգարեանի օրհնութեան, շրջանաւարտները միաբերան երգեցին դպրոցական քայլերգը, որմէ ետք ծնողներու ծափողջոյններով, ինքնավստահ քայլերով, հաստատակամ նպատակով եւ հայակերտ դրոշմով դուրս եկան հանդիսասրահէն:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ