Երեքշաբթի, 9 Յուլիս 2013 - Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի «Հաւատքի Լոյս» Շրջաբերական Թուղթը

Վատիկան

Ուրբաթ 5 յուլիս 2013-ի առաւօտեան ժամը 11-ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի Յովհաննէս Պօղոս Բ. անուան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ Սրբազան Քահանայապետին առաջին Շրջաբերական Թուղթը՝ «Հաւատքի Լոյս» վերտառութեամբ, ուղղուած եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, սարկաւագներուն, նուիրեալ անձերուն եւ բոլոր աշխարհական հաւատացեալներուն։
Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Պապին առաջին Շրջաբերական Թուղթը ներկայացուցին Եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչը` կարտինալ Մարք Ուելլէն, Հաւատոյ Ժողովի կառավարիչը գերապայծառ Կէրարտ Լուտվիկ Միւլլէր եւ Նոր Աւետարանութեան տարածման քահանայապետական խորհուրդի նախագահը՝ գերապայծառ Րինօ ֆիզիքելլա։

«Հաւատքի Լոյս» Շրջաբերական Թուղթը ունի չորս գլուխներ եւ ինչպէս կը բացատրէ Ֆրանչիսկոս Պապը ներածականին մէջ, ան գրեթէ ամբողջութեամբ շարադրուած է Բենեդիկտոս ԺԶ.ի կողմէ։ Ներկայ քահանայապետը բնագիրին աւեցուցած է այլ հատուած մը ''լրացուցիչ ներդրումներ'' վերտառութեամբ։ Շրջաբերական Թուղթին նպատակն է վերագտնել հաւատքին յատուկ լոյսը որ կարող է համայն մարդկային էութիւնը լուսաւորել։ Ով որ կը հաւատայ միայնակ չէ, որովհետեւ հաւատքը հասարակաց բարիք մըն է որ կարելի կը դարձնէ բարին չարէն զատորոշել կերտելու համար մեր ընկերութիւնները, յոյս ներշնջելով։ Ասիկա է «Հաւատքի Լոյս - Lumen fidei» շրջաբերական թուղթին կեդրոնական իմաստը։ Լոյսը Հաւատքի մը՝ որ մարդը չի բաժներ իրականութենէն, այլ կ'օգնէ անոր հասկնալու անոր խոր նշանակութիւնը։

Հաւատքին վստահելի վկան Յիսուսն է, որուն միջոցաւ Աստուած իրապէս կը միջամտէ պատմութեան մէջ։ Այնպէս ինչպէս մեր առօրեայ կեանքին մէջ կը վստահինք ճարտարապետին, դեղագործին, փաստաբանին որոնք մեզմէ աւելի գիտակ են. այնպէս ալ հաւատքի պարագային կը վստահինք Յիսուսին, որ մասնագէտ է Աստուծոյ վերաբերեալ հարցերու մասին եւ մեզի կը  բացատրէ Աստուածը։ Հաւատքը առանց ճշմարտութեան փրկարար չէ - կ'ընդգծէ Քահանայապետը - նա մանաւանդ այսօր որ ճշմարտութեան տագնապի մէջ կ'ապրինք։ Ճշմարտութիւնը որ կը բխի Աստուծոյ սէրէն չի պարտադրուիր ուժով եւ չի ոտնակոխեր անհատը։ Ահա թէ ինչու բանականութեան եւ հաւատքի միջեւ երկխօսութիւնը կարելի կը դարձնէ։

Անհրաժեշտ է առ այդ աւետարանացումը, որ քրիստոնեաներու դէմքին վրայ շողշողացող Յիսուսի լոյսն է որ կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ հաւատքի վկաներու միջոցաւ։
Հասարակաց բարիքի կերտման ու հաւատքի միջեւ կապը եւս զօրաւոր է։ Հաւատքը կ'ամրապնդէ մարդոց միջեւ կապերը եւ արդարութեան, իրաւունքի ու խաղաղութեան ի սպաս կը գործէ։

Հաւատքը կը լուսաւորէ ընտանիքը, հիմնուած՝ այր ու կնոջ ամուսնութեան խորհուրդին վրայ։ Հաւատքը կը լուսաւորէ «աւելի բարձրորակ կեանքի» մը ձգտող երիտասարդներու աշխարհը։ Հաւատքը լոյս կու տայ բնութեան ու մեզի կ'օգնէ յարգելու բնութիւնը։ Նոյնիսկ տանջանքն ու մահը իմաստ մը կը գտնեն եթէ վստահինք Աստուծոյ - կը գրէ Քահանայապետը, որ հուսկ կոչ կ'ուղղէ ըսելով. «Մեզմէ թող չի խլեն յոյսը, ու թոյլ չտանք որ ան դառնայ անզօր, անմիջական առաջարկներու պատճառաւ, որոնք կը կասեցնեն դէպի Աստուած տանող մեր ընթացքը»։

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ