Թեհրան
Թեհրանահայութեան մէկ կայքէջը www.hyeli.com կը յիշէ երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի երանացման 10 ամեակը:
http://hyeli.com/index.php?option=com_content&view=article&id=1615%3A2011-06-26-10-18-16&catid=19%3A2010-12-17-10-50-17&Itemid=1
Հեղինակը գրում է Վաթիկանի կողմից Եղեռնին զոհ գնացած նահատակ եպիսկոպոս Ինգնատիոս Մալոյեանի երանացման մասին, ներկայացնում է եպիսկոպոսի կեանքն ու առաջարկում է դա օգտագործել Կաթողիկէ աշխարհում Հայոց Ցեղասպանութեան մասին տեղեկութիւնների տարածման համար:
10 տարի առաջ Հռոմի եկեղեցւոյ կողմէ Մարտինի Հայ կաթողիկէներու առաջնորդ Իգնատիոս Մալոյեանի երանացման փաստը տակաւին լաւապէս չենք կրցած օգտագործել` յատկապէս քրիստոնեայ աշխարհին մէջ հայկական ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարի աշխատանքներուն մէջ: Այդ փաստին արժէ անդրադառնալ իւրաքանչիւր տարուայ 11 Յունիսին, որ Վատիկանի կողմէ հռչակուած է որպէս Երանելի եպիսկոպոսին` 1915-ի հայոց Մեծ Եղեռնի նահատակի ոգեկոչման տօն:
Իգնատիոս Մալոյեան ծնած է 19 Ապրիլ 1869 ին Մարտինի մէջ. բարեպաշտ ընտանիքի զաւակ, փոքր տարիքէն կը յաճախէ տեղւոյն թեմական դպրոցը: 1883-ին ան կու գայ Լիբանան` Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան նորընծայարանը։ 1888-ին առողջական վիճակին պատճառով կը հարկադրուի վերադառնալ ծննդավայր եւ երեք տարի կազդուրուելէ ետք կը վերադառնայ Զմմառ ու այնտեղ յաջողութեամբ կ՚աւարտէ փիլիսոփայական եւ աստուածաբանական ուսումը։ Կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի 1896-ին դառնալով անդամ՝ Զմմառու Պատրիարքական Ուխտին: Կը նշանակուի հոգեւոր հայր՝ վանաբնակ քահանաներուն եւ նորընծաներուն։
Իգնատիոս Մալոյեան պաշտօնավարած է Աղեքսանդրիոյ եւ Գահիրէի մէջ, ապա Պոլիս կանչուած որպէս ընդհանուր քարտուղար՝ Պօղոս Պետրոս ԺԲ. Սապպաղեան պատրիարքին, ստանալով ծայրագոյն վարդապետի աստիճանը։ Ապա դարձեալ Աղեքսանդրիա ղրկուելով այնտեղ պաշտօնավարած է մինչեւ 1910։
Մարտին քաղաքի թեմին վիճակաւոր Յուսիկ արք. Կիւլեանի հրաժարումէն ետք, մեծաւորները գերյ. Մալոյեանին յանձնեցին թեմին ընդհանուր գործակալի պաշտօնը. 1911-ին անընտրուեցաւ Մարտինի թեմի արքեպիսկոպոս:
Մալոյեան նահատակուեցաւ իր հօտին հետ` 1915-ին, Մարտինի շրջանի կառավարիչին հրահանգով, մերժելով հաւատքի ուրացման դիմաց իրեն խնայելու վերաբերեալ կատարուած առաջարկը: Նահատակութեան պայմաններուն վերաբերեալ գոյութիւն ունին հաւաստի տեղեկութիւններ. Այդ մասին վկայաբանական կարեւոր գրութիւն մը ունի ասորի կղերական մը, որ հիմք հանդիսացաւ անոր երանացման դատին:
7 Հոկտեմբեր 2001-ին, հանգուցեալ Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապը Վատիկանի սուրբ Պետրոս հրապարակը խմբուած հաւատացեալներուն ու եկեղեցական եւ քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն ներկայութեամբ կատարեց երանացման արարողութիւնը նահատակ եպիսկոպոս Ինգնատիոս Մալոյեանին։ Ներկայիս աշխատանքներ կ’ընթանան` Վատիկանի կողմէ Մալոյեանի սրբադասման ի խնդիր:
Եղեռնի 100-ամեակին ընդառաջ` Մալոյեանի կերպարը եւ դատը լաւագոյն յուշարար կրնան ըլլալ հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան` յաչս կաթողիկէ աշխարհին: