Չորեքշաբթի, 21 Հոկտեմբեր 2009 - ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ, Գ. Հարպոյեան Վարժարան

Զալքա, Լիբանան

Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Գ. Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանին, ուրբաթ, 16 հոկտեմբեր 2009-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:45-ին, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Թարգմանչաց տօնակատարութիւնը, ներկայութեամբ նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտութեան, ուսուցիչներուն ու տնօրէնութեան:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները, ինչպէս նաեւ Ա. եւ Բ. դասարաններու երչգախումբին կողմէ «Ողջոյն քեզի կեանք»ը լսելէ ետք, հանդիսութեան բացման խօսքը աշակերտներուն անունով արտասանեց Ռիթա Գույումճեան: Ան նշեց, թէ Թարգմանչաց շարժումը բնական արդիւնքն էր գիրերու գիւտին եւ կը ձգտէր հայալեզու $րականութիւն ստեղծելու միջոցով նպաստել Հայաստանի քաղաքական, կրօնական եւ մշակութային անկախութեան: Գույումճեան յայտնեց, թէ այս շարժումին նպատակն էր ամրապնդել քրիստոնէութիւնը հայ ժողովուրդին մէջ եւ պայքարիլ Սասանեան Պարսկաստանի՝ հայերը դաւանափոխ ընելու քաղաքականութեան դէմ:                                                                                                                                    

Tark
Խօսքի աւարտին Ռիթա Գույումճեան ըսաւ. «Եթէ մենք այսօր կանք ու կը գոյատեւենք, եթէ մենք այսօր կը խօսինք հայերէն ու կգապրինք հայօրէն, ապա այս արժանիքները կը պարտինք Մեսրոպ Մաշտոցին եւ իր աշակերտներուն, որոնց քրտնաջան ու բեղուն գործունէութեան շնորհիւ մենք կրցանք պահել մեր ինքնութիւնը, մեր կրօնքը, մեր ազգային դիմագիծը եւ մեր լեզուն ու մշակոյթը»:
Ապա Գ. դասարանի աշակերտները ասմունքեցին «Մեր այբուբենը», որմէ ետք Մեթիու Արթինեան ներկայացուց «Սասնայ պար»ը: Արտասանութիւններէն ետք, Գ. եւ Դ. դասարաններու երգչախումբը երգեց «Մեսրոպ Մաշտոցին» երգը, իսկ Զ.-էն Ը. դասարաններէն խումբ մը աշակերտներ խմբային արտասանութեամբ մը ներկայացուցին համադրուած ասմունքներ:
Հանդիսութեան վերջին արտասանութիւնը ներկայացուցին Լէօն Գասպարեան եւ Մարկրիթա Մալտոսեան, որ կը կոչուի «Մեսրոպ Մաշտոց», մինչ վերջին եր$ն էր «Այբուբենն հայոց»՝ կատարողութեամբ Ե. եւ Զ. դասարաններու երգչախումբին:
Թար$մանչաց տօնի ձեռնարկին աւարտին, Հայ կաթողիկէ Գ. Հարպոյեան բարձրա$ոյն վարժարանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան նշեց, թէ այս տօնը լաւագոյն առիթն է հաստատելու, թէ հայերէնը ժառան$ութիւն է, եւ այդ հարստութեան պահպանման մէջ հայ աշակերտութիւնը ունի մեծ դերակատարութիւն:
Պոյաճեան յայտնեց, թէ Թարգմանչաց տօնին պատգամը հետեւիլն է մեր թարգմանիչներու եւ ի մասնաւորի Մեսրոպ Մաշտոցի ուղիին, որ կ'արտայայտուի լաւապէս սորվելով Հայոց լեզուն ու հայ ժողովուրդի պատմութիւնը: Խօսքը եզրափակելով Ռիթա Պոյաճեան ըսաւ, թէ սփիւռքեան մեր իրականութեան մէջ հայ դպրոցները հայերէնի պահպանման հիմնական կռուաններն են, ու այս առնչութեամբ հայ դպրոցին առաքելութիւնը հայապահպանման շրջագիծին մէջ շատ մեծ է:
Թարգմանչաց կոկիկ ու հաճելի տօնակատարութեամբ վարժարանին աշակերտները եկան անգամ մը եւս հատատելու, թէ իրենք արթուն պահակներն են Մաշտոցի այբուբենին ու պատրաստ են շարունակելու իրենց նախահայրերուն երթը:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ