Չորեքշաբթի, 20 Հոկտեմբեր 2010 - Հայ կաթողիկէ Եկեղեցին հաւատարմութեան եւ մարտիրոսութեան տիպար է կ'ըսէ հոգեւոր տէրը

 

Հռոմ

 

Երեքշաբթի, 19 հոկտեմբեր 2010, Հռոմի քաղաքապետութեան կազմակերպութեամբ՝ «Քրիտոնեաներու վկայութիւնը ի սպաս խաղաղութեան» տիտղոսով համագումարին իր մասնակցութիւնը բերաւ ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքը, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու յատուկ սիւնհոդոսի մասնակիցներու կողքին:

Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը «Հայ կաթողիկէ Եկեղեցին՝ հաւատարմութեան եւ մարտիրոսութեան տիպար» թեմայով իր խօսքին մէջ յայտնեց իր սերտ կապը յաւիտենական քաղաքին հետ: Ան ապա անդրադարձաւ հայերու եւ իտալացիներու դարաւոր բարեկամական փոխյարաբերութիւններուն ինչպէս կը վկայեն, ըսաւ ան, Իտալիոյ տարածքին գտնուած հայկական կառոյցները, ի մասնաւորի յիշելով Հռոմի ք. Լեւոնեան հայ վարժարանը, «Սուրբ Վլաս»-ի նուիրուած հայ կաթողիկէ եկեղեցին եւ «Սուրբ Նիկողայոս» եկեղեցին։

Հոգեւոր Տէրը թուարկեց հայոց պատմութեան մի քանի կարեւոր դէպքեր, ապա նշեց 1915-ի ցեղասպանութիւնն ու Մալոյեան եպիսկոպոսին նահատակութիւնը: Ան խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի հանրապետութեան անկախութեան մասին 1991-ին։

Իսկ Միջին Արեւելքի համար սիւնհոդոսին մասին ակնարկելով ամենապատիւ հոգեւոր տէրը ըսաւ. «Այս սիւնոդոսը մեզ կ’առաջնորդէ դէպի երրորդ հազարամեակ եւ մեզ կը մղէ ոչ թէ հանգչելու մեր անցեալի պատմութեան մեծութեան վրայ, այլեւ կարեւոր դերակատարները ըլլալու մեր քրիստոնեայ ինքնութեան կերտման գործին մէջ»։

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ