Երկուշաբթի, 30 Մարտ 2015 - Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը մասնակցեցաւ Պքերքէի վեհաժողովին

 

 

Պէյրութ

 

Երկուշաբթի, 30 մարտին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին Ամեն. Հոգեւոր Տէրը մասնակցեցաւ Պքերքէի մէջ Լիբանանի քրիստոնեայ եւ իսլամ համայնքապետերու եւ կրօնական հեղինակութիւններու վեհաժողովին: Մարոնիներու կարդինալ պատրիարք Պշարա Ռայիի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս վեհաժողովը եզրափակեց յայտարարութեամբ մը, որ կարդացուեցաւ եւ հրատարակուեցաւ արաբերէնով: Այս վեհաժողովը պիտի ծառայէ համակեցութեան վրայ աւելի շեշտելու, որպէսզի աւելի խաղաղ Լիբանան մը կերտուի իր բնակիչներուն ձեռքով, որ ինչպէս անցեալին այնպէս ալ այսօր եւ վաղը ըլլայ տիպար Միջին Արեւելքի միւս բոլոր երկիրներուն համար:

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ