Ուրբաթ, 25 Փետրուար 2011 - Սրբազան քահանայապետին 2011 Մեծ Պահքի պատգամը

 

Վատիկան

 

Սրբազան քահանայապետը 2011 Մեծ Պահքի իր պատգամի վերնագրին մէջ կը մեկնի սուրբ Պօղոսի Կողոսացիներուն ուղղուած թուղթէն. ‏«‏Մկրտութեամբ թաղուեցաք Քրիստոսի հետ եւ յարութիւն առիք անոր հետ», որպէսզի խորհրդածութիւն կատարէ Մեծ Պահքի իմաստին շուրջ։ Հետեւաբար սրբազան քահանայապետը այս տարուան պատգամը կը յատկացնէ մկրտութեան խորհուրդին, որպէս փոռձարութիւն մը՝ ապրելու Քրիստոսի հետ միութիւնը իր մահուան եւ յարութեան մէջ։ Ան պատգամին մէջ կը յայտնէ թէ Մեծ Պահքի շրջանը խորապէս առընչուած է մկրտութեան խորհուրդին հետ, որովհետեւ այս ժամանակաշրջանին է, որ մարդ կը վերագտնէ իր արմատները լռութեամբ, մտախոհութեամբ, աղօթքով, խոստովանանքով եւ անկեղծութեամբ։ Այնուհետեւ, քահանայապետը կը յիշեցնէ, թէ ծոմի շրջանը նաեւ մեղքերու թողութեան շրջան է։

Մկրտութեան «ձրի պարգեւը» պէտք է «վերակենդանանայ մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ» կը յայտնէ սրբազան քահանայապետը, որովհետեւ ծոմը «սրտի ազատագրման» ընթացք մըն է, որպէսզի «յաղթահարենք մեր եսասիրութիւնը, ապրելու համար պարգեւի եւ սիրոյ տրամաբանութիւնը»։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ