Երեքշաբթի, 24 Սեպտեմբեր 2013 - Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան բացման եւ Հայաստանի Անկախութեան Տօնին առթիւ ընդունելութիւն
Հռոմ

Սեպտեմբերի 19-ին, Հռոմի Բալացոյ Տելլա Գանչելերիա սրահներուն մէջ  տեղի ունեցաւ Սուրբ Աթոռին մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան  դեսպանութեան բացման եւ Հայաստանի անկախութեան 22-րդ տարեդարձին  առթիւ ընդունելութիւնը, ինչպէս նաեւ  «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ քրիստոնէութեան ընդհանուր ժառանգութիւն» ցուցահանդէսին բացումը։

Վատիկանի մէջ Հայաստանի դեսպանին կողմէ տրուած ընդունելութեան ներկայ էին Արեւելեան եկեղեցիներու  քահանայապետական խորհուրդի նախագահ Կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրին, Սուրբ Աթոռի պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու հարցերով քարտուղար արքեպիսկոպոս Տոմինիք Մամպերտին, Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս պատրիարքի  ներկայացուցիչ  Մանուէլ Եպիսկ. Պաթագեան, Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ռուսաստանի Հայ կաթողիկէներու Առաջնորդ Ռաֆայէլ արքեպիսկոպոս Մինասեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ  ներկայացուցիչներ, Վատիկանի բարձրաստիճան հոգեւորականներ, Հայաստանի եւ Իտալիոյ խորհրդարաններու անդամներ, Վատիկանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ, եւրոպական եւ իտալական հասարակական կազմակերպություններու ղեկավարներ, գործարարներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:

Ընդունելութեան ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար  Եդուարդ Նալպանտեան։ Ան նշեց. Մեծապէս խորհրդանշական օր է այսօր: Հայաստանը, հանդիսանալով քրիստոնէութիւնը պետական կրօն հռչակած առաջին երկիրը,  դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն կը բանայ Սուրբ Աթոռին մօտ:

«Երկար տարիներ համատեղութեան կարգով ըլլալով Վատիկանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան  դեսպան ` մշտապէս մտածած եմ այն օրուայ մասին, երբ մեր երկու պետութիւնները դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններ կ՚ունենան եւ մնայուն դեսպաններ կը նշանակուին Երեւանի եւ Վատիկանի մէջ:  Այսօր մենք կը շարժինք  այդ ճանապարհով։ Շնորհաւորելով մեզ՝ բոլորս, այս կապակցութեամբ, յաջողութիւններ կը մաղթեմ դեսպան Միքայէլ Մինասեանին` Հայաստանի եւ Սուրբ Աթոռի միջև յարաբերութիւններու խորացման եւ ամրապնդմանն ի նպաստ իր առաքելութեան իրականացման գործին մէջ:

«Մեր փոխյարաբերութիւնները պատմական խոր արմատներ ունին: Քրիստոնէական հաւատքը դարձած է այդ առանձնայատուկ կապերու հիմքը:

«Միանգամայն խորհրդանշական է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական ներկայացուցչութեան պաշտօնական բացումը կը համընկնի մեր երկրի Ազգային տօնի տարեդարձին հետ: Հայաստանի անկախութեան վերականգնմամբ, երկու տասնամեակ է, որ մեր երկրի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ համագործակցութիւնը նոր թափ  ստացած է։

«Այս տարուայ մարտին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Երկրորդը ներկայ գտնուեցան Ֆրանչիսկոս Պապի գահակալութեան հանդիսաւոր պատարագին: Անկէ մօտ մէկ տարի  առաջ`  2011-ի Դեկտեմբերին, նախագահ Սերժ Սարգսեան այցելեց Սուրբ Աթոռ եւ հանդիպեցաւ Բենեդիկտոս XVI Պապի հետ:

«Անմոռանալի յիշողութիւններ կը պահպանենք 2001-ին Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապի` մեր երկիր կատարած պատմական այցելութենէն, որ տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ քրիտոնէութիւնը պետական կրօն հռչակելու 1700-ամեակին առթիւ՝ ի նշան Հայաստանի եւ Վատիկանի միջեւ բարեկամական կապերու եւ մեր երկու Եկեղեցիներու եղբայրական յարաբերութիւններուն։

«Հայաստանը բարձր կը գնահատէ 2000-ին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը Սուրբ Աթոռին կողմէ,  եւ որը վերահաստատուեցաւ նաեւ 2001-ին□:
Նախարար Նալպանտեան կարեւորեց Սուրբ Աթոռի քարտուղարութեան պալատին մէջ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչին նուիրուած ցուցահանդէսի բացումը՝ նշելով, որ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հիմնադրի արձանի՝ Սուրբ Պետրոս տաճարի արտաքին որմնախորշերէն մէկուն մէջ տեղադրումը 2005-ին եւ անոր անունով մերձակայ հրապարակի անուանակոչումը 2008-ին կատարուած  են Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապի կողմէն:

«Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան բացումը կը վկայէ Հայաստանի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ սերտ բարեկամական յարաբերութիւններու բարձր մակարդակի մասին, բայց կ՚արտացոլացնէ  նաեւ այդ յարաբերութիւնները առաւել սերտացնելու եւ խորացնելու մեր երկրի ցանկութիւնը» ընդգծեց Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը»։


Վատիկանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան բացման առթիւ Սուրբ Աթոռի անունով ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրին։
Նոյն օրը Եդուարդ Նալպանտեանը եւ ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ ներկայացուցչին կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութեան անդամները այցելեցին նաեւ Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանի դեսպանատուն, ծանօթացան դեսպանութեան աշխատանքային պայմաններուն եւ հանդիպեցան դեսպանութեան աշխատակիցներուն հետ։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ