Շաբաթ, 21 Մարտ 2015 - Արհի. հայր Լեւոն արքեպիսկոպոս Զէքիյեան՝ նոր առաջնորդ Պոլսոյ թեմին

 

 

 

Պէյրութ 

 

Սուրբ Աթոռի պաշտօնական բանբեր «Օսսերվաթորէ Րոմանօ» օրաթերթը իր կիրակի 22 մարտի թիւին մէջ յայտարարեց թէ սրբազան քահանայապետը վերջ դրաւ գերապայծառ հայր Լեւոն արքեպիսկոպոս Զէքիյեանի, Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ Թեմին համար անուանուած առաքելական կառավարիչի պաշտօնին: Այսպէսով գործադրուելի դարձաւ Պոլսոյ առաջնորդութեան իր պաշտօնը, որուն համար ընտրուած էր Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսին կողմէն:

 

Դիւան Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ