Ուրբաթ, 1 Յունիս 2007 - Արհի. Վարդան Եպս. Աշգարեանի Պատգամը Մայիս 28ի Առիթով

 

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 89 ամեակի առիթով, Արհի. Վարդան Եպս. Աշգարեան՝ Ընդհանուր Փոխանորդ Պատրիարքական Թեմի կը փոխանցէ հետեւեալ պատգամը. 

ՄԱՅԻՍ 28
Ամէն մի պայքար մի նոր հորիզոն բաց կ’անի,
 

Եւ ամէն հորիզոն մի նոր արշալոյս...:

                                                                      ԱՒԵՏԻՍ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ


Անկախութիւնը յաղթութիւն կ’ենթադրէ, յաղթութիւնը՝ պատերազմ:
Պատերազմը, սակայն, ահաւոր է ու ոճիր՝ եթէ տեղի կ’ունենայ միայն արիւն թափելու, ժողովուրդներ ոչնչացնելու, քաղաքներ քարուքանդ ընելու համար, որպէսզի մարդիկ իրենց ուժը, փառասիրութիւնը ցուցադրեն, ու իրենց իշխանութիւնը տարածեն՝ յագեցնելու համար իրենց ընչաքաղցութիւնը:
Բայց պատերազմը, որ տեղի կ’ունենայ ինքնապաշտպանութեան համար, սեփական անկախութեան համար, տէր դառնալու իրաւունքի ու ազատութեան, այդ պատերազմը նուիրական է ու զինուորները՝ հերոս ու նահատակ փառահեղ, որոնք իրենց արիւնը թափած են ու զոհած կեանքերնին թանկ:
Անկախութիւնն ու ազատութիւնը յատուկ է մարդուն, աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ բնածին, այսինքն՝ մօր կաթին հետ սնուած:
Առանց անկախութեան ու ազատութեան, չկայ հայրենիք, չկայ անկախութիւն, չկայ ազատութիւն, չկայ իրաւունք, չկայ կեանք ու չկայ բարգաւաճում ու վերելք:
Ու այդ անկախութեան ու ազատութեան համար, թուականէս 89 տարի առաջ, մեր բուռ մը հերոսներն ու ֆետայիները իրենց արիւնը թափեցին, իրենց կեանքը զոհեցին հայրենիքի ազատութեան ու անկախութեան համար, ու տակաւին կը թափեն մինչեւ օրս ըսելու աշխարհին՝ թէ Արցախը հայկական հող է եւ Հայաստանին կը պատկանի:
Հարցում: Ինչո՞ւ ամէն տարի Մայիս 28 կը տօնենք. անոր համա՞ր որ հայը միայն մէկ ճակատամարտ մղած է:
Ո՛չ, հազար անգամ ոչ:
Հայը իր գոյութեան առաջին րոպէէն մինչեւ օրս, իր ազատութեան ու անկախութեան համար կը պայքարի, կը մաքառի ու արիւն կը հեղու:
Անգամուան մը համար դարձուցէք հայոց պատմութեան հարուստ էջերը, հոն պիտի նշմարէք մէն մի էջ, մէն մի տող ու մէն մի բառ հայու արիւնով, տառապանքով, արցունքով, քրտինքով ողողուած:
Հայոց աշխարհի մէջ չկայ շերտ մը հող, կտոր մը քար, որոնք չկրեն հայորդիներու արիւնէն շիթ մը, կաթիլ մը բոսոր:
Հայ ժողովուրդը մղած է բազմաթիւ պատերազմներ, եւ յաղթած եւ յաղթուած:
Հայոց երկիրը տեսած է վիթխարի Հայկերու, աշխարհակալ Արտաշէսներու, Մեծն Տիգրաններու հսկայական պայքարները եւ՝ նոյնքան մեծ յաղթանակները փառաշուք:
Այսօր, այդ բոլորը սակայն, մաս կը կազմեն մեր անցեալի պատմութեան՝ անոր էջերը հարստացնելով:
Այսքան, ոչ աւելին:
Ճշմարիտ մեծութիւնները ժողովուրդներու միայն երկրի տարածքը, իշխանութիւնը, հարստութիւնը չեն, այլ՝ հոգեկան արժէքը, իմացական կարողութիւնը, առողջ ու բարոյական սկզբունքը եւ ստեղծագործ հանճարը:
Աւա՜ղ, 6 դարեր ամբողջ խաւարը իջած էր այս արժէքներուն վրայ: Նոյնիսկ հաւատքը նսեմացած այդ օրերուն ու մշակոյթը աղաւաղուած, բայց ազատութեան հուրը չէր շիջած, այլ՝ անթեղուած է մոխիրի տակ, հայը սպասեց, տոկաց, համբերեց ու ապրեցաւ մինչեւ պոռթկումի օրը՝ Ազատութեան ժամը:
Այդ անկախութեան հուրը մխած շրջան մը Ղարաբաղի մելիքներու սրտէն, ներշնչեց Իսրայէլ Օրիները, անցաւ Սասուն ու Զէյթուն, ու ապա դարձաւ միայն Մայիս 28, դարձաւ Սարդարապատի գոյամարտ ու դարձաւ նոր Աւարայր՝ գոչելու բռնակալներուն: «Ո՛չ, փոքր ազգերն ա՛լ իրաւունք ունին ազատ ապրելու ու իրենց ճակատա•իրին տէրը դառնալու»:
Պահ մը շշմեցաւ մեր դարաւոր թշնամին մարդակեր գազան մարդը, որ կը ծրագրէր մէկ հայ ձգել՝ իբրեւ նմուշ թանգարանային, երբ նշմարեց, թէ երէկուան աշխարհը հայկական՝ քարուքանդ եղած, գերեզման դարձած, ամայացած ու մէկուկէս միլիոն հայ մարդ մորթուած, մնացորդաց մը անտէր անտիրական լքուած իր ճակատագիրին, այսօր կը յարնէր եւ հայ հողին վրայ ազատօրէն կը ծածանէր դրօշը հայուն:
Ի՞նչ է մեր Եռա•ոյնը, հայուն դրօշակը, թող Անդրանիկ Ծառուկեան՝ այդ մեծ գրողը պատասխանէ.

«Արիւնից ծորած երիզ մը կարմիր,
Երկնից պոկուած երիզ մը կապոյտ,
Հասուն հասկեր, շող նարնջագոյն,
Եւ վեց դարերից խաւարի վրայ, դրօշ Եռագոյն»:

Ու Հայաստանը Մայիս 28ով, Սարդարապատի ճակատամարտով դարձաւ անկախ, ու հայը՝ Հայաստանի անկախ զաւակ:
Ու այդ օրերուն չմնաց հայ մը զտարիւն՝ չցնծար, չուրախանար՝ ի տես այդ անկախութեան: Թէեւ այդ անկախութիւնը երկար չտեւեց ու դրօշը երեք գոյն՝ փոխարինուեցաւ մուրճ մանգաղով ու տեւեց 70 մը եւ աւելի տարիներ, բայց ազատութեան հուրը անշէջ մնաց՝ անթեղուած մոխիրի տակ, ու հայը տոկաց ու հայը համբերեց ու նոր Ղարաբաղեան շարժումով դարձեալ տէրը դարձաւ իր անկախութեան, ու հայը այլեւս չէ հպատակ յոյնին, պարսիկին, թուրքին, Ռուսաստանին, այլ՝ Հայաստանի հպատակ:
Եկէք այս 89ամեակի առիթով ուխտենք՝ դառնալու մէկ, յարգելով իւրաքանչիւր անհատի համոզումներն ու գաղափարախօսութիւնները, որովհետեւ ուժեղ են միայն այն ազգերը, որոնք միակամ են եւ մէկ:
Միութիւն՝ ո՛չ մէկ օրուան համար, մէկ հարցի մէջ, այլ միութիւն ամէն ժամանակի ամէն հարցերու շուրջ. այս կը վայելէ հայ հաւատքին ու բարոյականին, ազգային կեանքի ու պատուոյ, ազգային արժէքներուն ու պատմութեան:
Ազգին ուժը հայ անհատին ուժն է:
Ազգին փառքն ու յաղթութիւնը, հայ անհատին փառքն ու յաղթութիւնն է:
Եկէք դարձնենք հայը մի, ու այդ միութեամբ դարձնենք Հայաստանը կենսայորդ եւ հզօր:
Թոյլ տուէք, որ սրտիս խօսքը աւարտեմ հռոմէացի մօր սա խօսքով, զոր իր թոթովող մանուկին շրթներուն կը դնէր. «Ին էթերնում աբուտ Ռոմա» - Յաւիտեանս քեզի հետ Հռոմ: Ու ես պիտի ըսեմ այս բեմէն. «Ին էթերնում աբուտ Արմենիա» - Յաւիտեանս քեզի հետ Հայաստան:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ