Ուրբաթ, 18 Մայիս 2012 - Հոգեւոր Տէրը նամակ ստացաւ Լիբանանի Տիւրզիներու հոգեւոր պետ՝ շէյխ Նաաիմ Հասանէն


Պէյրութ

Հինգշաբթի, 17 մայիս 2012, ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս պատրիարքը նամակ մը ստացաւ Լիբանանի Տիւրզիներու հոգեւոր պետ՝ շէյխ Նաաիմ Հասանէն, ի պատասխան Հոգեւոր Տիրոջ ուղղած ցաւակցական ուղերձին, Լիբանանի Տիւրզիներու համայնքապետ շէյխ Ապու Մուհամմատ Ժաուատ Ուալիյիտին վախճանման համար: Նամակին մէջ, շէյխ Նաաիմ Հասան իր խորին շնորհահալութիւնը կը յայտնէ հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան ցաւակցութեան համար, աղօթելով առ Աստուած, որ հանգուցեալին օրինակին հետեւելով լիբանանցիք գործեն ի սպաս իրենց հայրենիքի ընդհանուր բարիքին եւ խաղաղութեան: 


 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ