Ուրբաթ, 3 Սեպտեմբեր 2010 - Աշրաֆիէի Հ.Կ.Մ. պատանեկանի 25 ամեակի ճաշկերոյթ


Պէյրութ, Լիբանան

 

Ահաւասիկ 25 ոսկեայ տարիներ անցած են Հ.Կ.Մ. պատանեկանի կեանքէն: Այս արդիւ Աշրաֆիէի Հ.Կ.Մ. պատանեկանի խորհուրդը կազմակերպեց 25 ամեակի նուիրուած ճաշկերոյթ մը հովանաւորութեամբ Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս 19-րդ Պատրիարքին, որ տեղի ունեցաւ 22 Օգոստոս 2010-ին երեկոյեան ժամը 8:30-ին, պատրիարքարանի կողքին գտնուող պարտէզին մէջ:

Այս ձեռնարկին ներկայ էին Հ.Կ.Մ. պատանեկանի հիմնադիր հայր Անդրանիկ ծ.վ. Կռանեան, վսեմաշուք պետական երեսփոխան Սերժ Թորսարգիսեան, նախկին հոգեւոր վարիչ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր հայր Միքայէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն եկած  Հ.Կ.Մ.-ի ներկայացուցիչներ, նախկին Հ.Կ.Մ-ականեր, հրամանատարներ, վարդապետները եւ զանազան կարեւոր անձնաւորութիւններ:

Ձեռնարկը ճոխացուցին Աղթամար նորակազմ նուագախումբը, որուն անդամներէն ոմանք անցած են Հ.Կ.Մ. պատանեկանի շարքերէն:

     


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ