Կիրակի, 4 Յունուար 2009 - Ամանորեան Տօնակատարութիւն Գ. Հարպոյեան Վարժարանէն Ներս

 
Լիբանան
 

Երեքշաբթի՝ 23 Դեկտեմբեր 2008-ին, առաւօտեան ժամը 8:00-ին, Հայ Կաթողիկէ Գ. Հարպոյեան վարժարանաի աշակերտները մէկտեղուած էին Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ կատարելու համար իրենց խոստովանանքները:

Ծննդեան Սուրբ Պատարագի մատուցումէն ետք, վարժարանի երգչախումբը հանդէս եկաւ ծննդեան երգերով: Կարճ դադարէ մը ետք, աշակերտները բարձրացան իրենց դասարանները,  ուր դասատուներուն հետ անցուցին իրենց ժամանակը Ամանորեան մթնոլորտի մէջ:

Մինչ աշակերտները զբօսանքի պահուն կը զուարճանային, վարժարանի Տնօրէնութիւնը տեսչարանէն ներս կոկիկ ընդունելութեամբ կը շնորհաւորէր ուսուցիչներու ու պաշտօնէութեան ամանորը:

 
Ժամը 11:30-ին, աշակերտութիւնն ու ուսուցչական կազմը հաւաքուեցան Պետողլեան սրահին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ Ամանորեան
 
տօնակատարութիւն: Վարժարանի երգչախումբի ելոյթէն ետք, նախակրթարանի Ա.Բ.Գ.Դ. դասարաններու աշակերտներ ճոխացուցին բեմը ներկայացնելով Անգլերէն լեզուով Ծննդեան երգեր: Խանդավառ մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ պարի մրցանք եւ շահողներ ստացան նուէրներ:

Կաղանդ Պապուկին գալուստով առաւել եւս խանդավառուեցաւ մթնոլորտը, երբ Ա¬էն մինչեւ Դ. դասարան որպէս նուէր ստացան ՀԿԲՄի Ամանորեան խրախճանքի տոմսեր, իսկ Ե¬էն մինչեւ աւարտական դասարանի աշակերտներ ստացան բուրդէ վզկապներ՝ դպրոցին անուանատառերը կրող:

Արդարեւ ուրախ օր մը անցընելէ ետք, աշակերտներ մեկնեցան տուն սկսելու համար իրենց Ամանորեան արձակուրդը:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ