Երկուշաբթի, 17 Մայիս 2010 - Դամասկոսի նոր ժողովրդապետի շքեղ ընդունելութիւն


Դամասկոս, Սուրիա

Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ թեմի նորանշանակ երիտասարդ ժողովրդապետ՝ յանձին նորօծ Հ. Գէորգ վրդ. Պահէի անդրանիկ առաքելութեան ստանցման առթիւ (28 մարտ 2010-էն սկսեալ), Քաղաքի Հայ կաթողիկէ  համայնքէն ներս գործող բարեսիրական, երիտասարդական եւ այլ միութիւնները մեծ ուրախութեամբ ընդունեցին Գերապատիւ վարդապետը:

Այս առթիւ  Հայ կաթողիկէ միութեան խորհուրդն ու Տիկնանց վարչութիւնը, կիրակի 9 Մայիսին, յաւարտ սուրբ Պատարագին, կազմակերպեցին փոքրիկ հիւրասիրութիւն մը եկեղեցւոյ դահլիճէն ներս: Ներկայ գտնուեցան Արհի. Առնաութեան Գերապայծառ Տէրը, Հայ Գէորգ վրդ. Պահէն, հիւրաբար քաղաք գտնուող Տէր ՌաՖՖի Քհն. Յովհաննէսեանը, ինչպէս նաեւ համայնքի զաւակներու մեծ բազմութիւն մը: ՀԿՄ-ի ատենապետ Սարգիս Քէշիշեան կարճ խօսքով մը բարի գալուստ մաղթեց նոր ժողովրդապետին, յայտնելով ՀԿՄ-ի  ընտանիքին պատրասկամութիւնը գործակցելու վարդապետին հետ, օգտուելու անոր փորձառութիւններէն ու միտքերէն, յառաջ տանելու միութեան գործունէութիւնը մանաւանդ հոգեւոր դաստիարակութեան ու ազգային դիմագիծի կերտման մէջ: Հայր Գէորգ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին սիրալիր ընդունելութեան համար, յայտնելով թէ ինք զինք կը նկատէ բոլորին փոքր եղբայրը ու պատրաստ է լսելու առաջարկներ ու գաղափարներ ու աշխատելու բոլոր համայնքի զաւակներուն հետ: Ան շեշտեց թէ աշխատանքը պէտք է ըլլայ միասնական, ձեռք ձեռքի տուած, հասնելու լաւագոյն արդիւնքներու: Ան խնդրեց ներկաներէն աղօթել իր համար ու աղօթել նաեւ կոչումներուն համար: Գերապայծառ տէրը իր սրտի խօսքին մէջ իր ուրախութիւնը յայտնեց այս առիթով ու խնդրեց բոլորին օգնել վարդապետին որպէսզի յաջողութեամբ  կատարէ իր ժողովրդապետական աշխատանքը: Ան խնդրեց բոլորէն կիրակի օրերը ներկայ գտնուիլ սուրբ պատարագին, քանի որ եկեղեցին կազմուած է հաւատացեալներէն, երբ չկան հաւատացեալները չկայ եկեղեցին:

Վերջապէս Գերապայծառ տէրը ու Հ. Գէորգ միասնաբար հատեցին մասնաւորապէս պատրաստուած կարկանդակը ու ներկայ գտնուող համայնքի զաւակները առիթը ունեցան ուրախ տրամադրութեան մէջ շնորհաւորելու նոր ժողովրդապետը  ու մաղթելու իրեն Աստուածահաճոյ ծառայութիւն,  վայելելով բոլորին յարգանքը ու  գերապայծառ տիրոջ օրհնութիւնը:   

Գերապատիւ Վարդապետը  ծնած է Քամիշլի 1982-ին ուր ստացած իր նախնական ուսումները, ապա ունենալով կոչումը նուիրուելու Աստուծոյ ու  ծառայելու Յիսուսի հօտին, անցած է Զմմառ ու յաջողութեամբ աւարտած դասընթացքները Աստուածաբանութեան ու փիլիսոփայութեան բարձրագոյն ուսմունքները  ամբողջացուցած է Լիբանանի Պօղոսեաններու համալսարանին մէջ: 2006 թուականին մեկնած  Հռոմ, ուր մասնագիտացած է ծիսագիտութեան մէջ, որպէս աւարտաճառ ներկայացնելով ուսումնասիրութիւն մը սուրբ Խաչի  մասին Հայ եկեղեցւոյ ու մշակոյթին մէջ: Իր քահանայական ձեռնադրութիւնը տեղի ունեցաւ Քամիշլի 19 Մարտին, նախագահութեամբ Արհի. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի եւ Արհի. Յովհաննէս Թէյրուզեան եպիսկոպոսի, ներկայութեամբ բազմաթիւ հոգեւորական հայրերու: Նորօծ քահանան ստանձնեց իր քահանայական անդրանիկ առաքելութիւնը Դամասկոսի մէջ՝  Հոգեւոր տիրոջ կարգադրութեամբ ու Դամասկոսի առաջնորդ Արհի Յովսեփ եպս. Առնաութեանի ջանքերով: 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ