Հինգշաբթի, 14 Հոկտեմբեր 2010 - Հայր Գէորգ Նորատունկեան ծայրագոյն վարդապետ եւ մեծաւոր Լեւոնեան վարժարանին


Հռոմ
 

Շաբաթ, 9 հոկտեմբեր 2010, հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սիւնհոդոսի փակման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութեամբ նախագահութեամբ ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ, սուրբ Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ, Հռոմ։ Հանդիսութեան աւարտին, ամենապատիւ հոգեւոր տէրը յատուկ արարողութեամբ ծայրագոյն վարդապետի աստիճանը շնորհեց հայր Գէորգ վ Նորատունկեանի, որ երեք ամիսներ առաջ անուանուած էր որպէս մեծաւոր ք. Լեւոնեան հայ վարժարանին։ Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը յանձնեց ծայրագոյն վարդապետին գաւազանը, տուաւ անոր աւետարանը, վզէն անցուց լանջախաչ մը եւ մատին դրաւ մատանի մը։

Իր խօսքին մէջ, ամենապատիւ հոգեւոր տէրը վերյիշեց ծայրագոյն վարդապետի հիմնական առաքելութիւնը, որն է՝ քարոզել Աստուծոյ աւետարանը եւ հետամուտ ըլլալ ճշմարտութեան։ Առաւել եւս ան յիշեց, թէ գերյարգելի հայր Գէորգ ծայրագոյն վարդապետ Նորատունկեանի տրուեցաւ պատասխանատուութիւնը կազմաւորելու հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան նոր առաքեալները։

Արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթրիք մը սիւնհոդոսական հայրերու մասնակցութեամբ, որուն ընթացքին խօսք առին Զմմառու միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ՝ հայր Միքայէլ թծվ Մուրատեան եւ հայր Վարդան վ Գազանճեան, որոնք շնորհաւորեցին նոր ծայրագոյն վարդապետը։ Ապա խօսք առաւ հայր Գէորգ ծայրագոյն վարդապետը, որ բացայայտեց, թէ գաւազանը որ առաւ պիտի ծառայէ իրեն յանձնուած երիտասարդներուն հետ կտրելիք ճանապարհորդութեան համար։

 Հայր Գէորգ ծվ Նորատունկեան ծնեալ՝ 1968-ին Հալէպ, Զմմառու միաբան է, իր բարձրագոյն ուսումը ստացած է  Հռոմի Գրիգորեան համալսարանին մէջ, եւ մասնագիտացած է քրիստոնէականի դաստիարակութեան մարզէն ներս սալեզեան հայրերուն համալսարանը:

 

Այս առիթով, կայքէջիս տնօրէնութիւնը կը շնորհաւորէ հայր Գէորգ ծվ Նորատունկեանը եւ բարի առաքելութիւն կը մաղթէ իրեն:  

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ